image

Ընթացք առած է Փաշինեանի ինքնաշարժներու երթը դէպի Կիւմրի

Ընթացք առած է Փաշինեանի ինքնաշարժներու երթը դէպի Կիւմրի

ԱԺ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար, ընդդիմադիր գործիչ Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնած ինքնաշարժներու երթը ընթացք առած է դէպի Կիւմրի:
Ճանապարհին մարդիկ ողջունած են քաղաքական գործիչը եռագոյնով:

Նշենք, որ այսօր Նիկոլ Փաշինեանը Կիւմրիի մէջ հանրահաւաք իրականացնելու մտադրութեան մասին յայտարարած է՝ Հանրապետութեան հրապարակի վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքի ժամանակ: Կիւմրիի մէջ հանրահաւաքը նախատեսուած է իրականացնել ժամը 18:00-ին:

Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի՝ իրենք կը պատրաստումին հանրահաւաք իրականացնել նաեւ Վանաձորի մէջ, 28 ապրիլին: Մինչեւ 1 մայիս խորհրդարանի մէջ վարչապետի թեկնածուներու հարցի քննարկման օրը, ընդդիմադիր գործիչը կոչ ըրած է ընդվզման բողոքներ իրականացնել:

 

Գանատահայ աշխարհահռչակ դերասանուհի Արսինէ Խանճեանը միացած է Նիկոլ Փաշինեանի: 

Դերասանուհին նշած է, որ շատ հուզուած եւ տպաւորուած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններով:

«Իսկապէս շնորհակալութիւն: Այս ոգեւորութիւնը չի պատկանիր միայն Հայաստանի ժողովուրդին, այն կը պատկանի ամբողջ հայութեան:  Այն դրութիւնը, որ փոքրէն մեծ իսկապէս Նիկոլ Փաշինեանի կողքին են, մեծ յոյս ծնած է եւ մայիսի մէկին բոլորս պէտք է հետեւինք եւ պայքարինք Հայաստանի ապագայի համար, այսօր յոյս կայ ապագայի վերաբերեալ: Ժողովուրդի ձայնն է, որ պէտք է լսուի: Նիկոլին, այո, կը լսենք, բայց ժողովուրդի ձայնն է, որ Նիկոլի ձայնին կու տայ այդ ուժը: Հաւատացէ՛ք, որ Նիկոլ Փաշինեանը կարողացաւ ընել այն, ինչ Հայաստանի իշխանութիւնները չկարողացան, դժբախտաբար: Պէտք է հաւատանք, առանց վախի, որ երկիրը ինքնավար ձեւով կը կարողանայ առաջ երթալ»,- ըսած է աշխարհահռչակ դերասանուհին: