«Ալ-Շամիէ» ընդդիմադիր ճակատը յայտարարած է, որ Հալէպի հիւսիսային արուարձանը գտնուող սուրիական ընդդիմութեան զինեալ խմբաւորումներ պատրաստ են Իտլիպ տեղափոխուիլ:Այս մասին յայտնած է «Ալ-Շամիէ» ճակատի ռազմական խօսնակ Մուհամմատ Ալ-Համատին, որ զեկուցելով «Քասիուն» գործակալութեան, ըսած է. «Դեռ Իտլիպ մտնելու վերաբերեալ տեղեկանք չենք ստացած», մատնանշելով, որ անոնք «նման ազդարարութիւն ստանալէն անմիջապէս ետք պատրաստ են մտնել Իտլիպ, որպէս մէկ փաղանգ, մէկ գործողութիւններով եւ մէկ միասնական կազմակերպութիւն, ինչպէս «Եփրատի վահան»ի ժամանակ եղած էր»:
Ան աւելցուցած է, որ քաղաք մտնելու իրենց նպատակը «քրտական եւ իրանեան զնեալներէն քաղաքացիներու պաշտպանութիւնը ապահովելն է», նշելով, որ թրքական բանակը եւս իր ուժերը կը կեդրոնացնէ թուրք-սուրիական սահմանին մօտ:
Նշենք, որ այս խմորումները կը համընկնին թրքական ուժերու սուրիական սահման ժամանելուն, «Աստանա 6»ին ստորագրուած համաձայնութեան լոյսին տակ, որ Իտլիպը լարուածութեան նուազեցման չորրորդ տարածք կը ճանչնար: