image

Կազմուեցաւ ընդդիմադիր թեւի ընտրական երկրորդ դաշինքը՝ «Պատիւ ունեմ» անուանումով

Կազմուեցաւ ընդդիմադիր թեւի ընտրական երկրորդ դաշինքը՝  «Պատիւ ունեմ» անուանումով

20 Յունիսին նախատեսուող արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն «ՀՀԿ» եւ «Հայրենիք» կուսակցութիւնները պիտի մասնակցին միասնական՝ «Պատիւ ունեմ» դաշինքի ներքոյ:

Դաշինքը կազմաւորելու մասին յուշագրի ստորագրման արարողութիւնը տեղի ունեցած է այսօր: Բացման խօսքով հանդէս եկած է ՀՀԿ առաջնորդ, ՀՀ 3-րդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Անոր խօսքերով, դաշինք կազմելու նպատակը ոչ թէ խորհրդարանին մէջ պատգամաւորի մանդատ ստանալն է, այլ դաշինքով յանուն հայրենիքի պայքարիլը: Սերժ Սարգսեանը խօսած է նաեւ այն մասին, թէ ինչու յատկապէս «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավարի հետ դաշինք կազմելու որոշում կայացուցած է:

Ապա ելոյթ ունեցած է «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեանը, խօսած է իրենց նորաստեղծ դաշինքի նպատակային կէտերու մասին: Ամպիոնէն առաւել մանրամասն ներկայացուած է «Պատիւ ունեմ» դաշինքի նախընտրական ծրագիրն ու յառաջիկայ ընելիքները, որմէ ետք «ՀՀԿ» եւ «Հայրենիք» կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները ստորագրած են «Պատիւ ունեմ» դաշինքի յուշագիրը:

Նորաստեղծ դաշինքի անդամները մասնակցած են ծառատունկի, ապա մեկնարկած է լրագրողներու համար նախատեսուած ճեպազրոյցը: