Դամասկոսի Օրէնսդրական դատարանի աւագ դատաւոր Մահմուտ Ալ Մաարաուի յայտնած է, որ Սուրիոյ դատարանները ներկայիս կ'ընդունին գրանցել այն ամուսնութիւնները, որոնք կը կայանան ամուսինի արտերկիր գտնուելու պայմաններուն մէջ:
«Ալ Ուաթան» թերթին տուած հարցազրոյցի ընթացքին դատաւոր Մաարաուի նշած է, որ Սուրիոյ դատարաններուն կողմէ կ'արտօնուի գրանցել այն ամուսնութեան պայմանագիրները, որոնք կնքուած են ամուսիններէն մէկուն կամ երկուքին արտերկիր գտնուելու պայմաններուն մէջ:
Ամուսնութեան պայմանագիրը կնքելէ ետք, տուեալ երկրի սուրիական դեսպանութեան միջոցով պէտք է լիազօրագիր ուղարկել Սուրիա գտնուող ծանօթներէն մէկուն, որպէսզի վերջինս զբաղի ամուսնութեան գրանցման հարցերով: Սակայն նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ շատ երկիրներու մէջ սուրիական դեսպանութիւն չկայ, եւ ամուսնացողներուն համար դժուար կրնայ ըլլալ ճամբորդել այլ երկիր, ուր դեսպանութիւն կայ, հետեւաբար ամուսինին հնարաւորութիւն կը տրուի ընկերային ցանցերէն մէկուն միջոցով բանաւոր կերպով լիազօրել Սուրիա գտնուող իր ծանօթներէն մէկը, որմէ ետք ամուսնութեան գրանցումը տեղի կ'ունենայ ամուսիններու ծնողներուն եւ վկաներու ներկայութեամբ:
Մաարաուիի փոխանցմամբ, դատարանը նման քայլի դիմած է լուծելու համար արտերկիր գտնուող սուրիացի փախստականներու ապօրինի ամուսնութիւններու խնդիրը, որ նաեւ պատճառ կը դառնայ ամուսնացողներու զաւակները գրանցումէ զրկուելուն: