20 Յունիսին ՀՀ արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցելու կապակցութեամբ, ԿԸՅ-էն տեղեկացուցած են, որ ընտրողին անձը հաստատող փաստաթուղթ կը համարուին նոյնականացման քարտը, կենսաչափական անձնագիրը, ոչ կենսաչափական անձնագիրը, անձնագրին կամ նոյնականացման քարտին փոխարինող ժամանակաւոր փաստաթուղթը` տրուած լիազօր մարմնի կողմէ, քրէակատարողական հիմնարկ գտնուող ընտրողի անձը հաստատող փաստաթուղթը, իսկ զինծառայողներուն համար` զինուորական վկայականը կամ զինուորական գրքոյկը, եթէ կը քուէարկեն զօրամասի կազմուած ընտրողներու ցուցակով:
Ընտրողին անձը հաստատող փաստաթուղթի վաւերականութեան ժամկէտի աւարտը հիմք չէ ընտրողը քուարկել չձգելու համար, բացառութեամբ այն պարագայէն, երբ տեխնիկական սարքաւորման մէջ առկայ տեղեկութիուններէն պարզուի, որ ընտրողը ունի այլ՝ վաւերականութեան ժամկէտը չլրացած, անձը հաստատող փաստաթուղթ:
Այսինքն, եթէ անձը ունի միայն մէկ անձնագիր, որու վաւերականութեան ժամկէտը լրացած է, այդ փաստաթուղթով կրնայ մասնակցիլ քուէարկութեան: Եթէ անձը ունի վաւերականութեան ժամկէտը լրացած անձնագիր, ինչպէս նաեւ նոյնականացման քարտ եւ (կամ) կենսաչափական անձնագիր, ժամկէտը լրացած անձնագիրով չի կրնար մասնակցիլ քուէարկութեան:
Եթէ անձը ունի երեք վաւերական փաստաթուղթ՝ հին նմուշի եւ կենսաչափական անձնագիրներ, ինչպէս նաեւ նոյնականացման քարտ, անոնցմէ ցանկացածով կրնայ մասնակցիլ քուէարկութեան: