image

Յառաջիկայ 72 ժամերը «վտանգաւոր». ԱՄՆ եւ Ֆրանսա պիտի հարուածե՞ն Սուրիան

Յառաջիկայ 72  ժամերը «վտանգաւոր». ԱՄՆ եւ Ֆրանսա պիտի հարուածե՞ն  Սուրիան

Եւրոպական օդային անվտանգութեան կազմակերպութիւնը (Eurocontrol) կոչ ըրած է օդանաւային ընկերութիւններուն զգուշանել Միջերկրականի արեւելեան հատուածէն, Սուրիոյ վրայ յառաջիկայ 72 ժամերու ընթացքին հնարաւոր օդային հարուածներու

պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ»ը:

 

Eurocontrol-ը նշած է, որ այդ ժամանակահատուածին հնարաւոր է որ օգտագործուին օդ-ցամաքային եւ «Քրուզ» տիպի հրթիռներ, եւ հաւանական է, որ անլար նաւարկութեան սարքաւորումներու աշխատանքը խանգարուի եւ ընդմիջումներով ընդհատուի:

 

Կազմակերպութիւնը զգուշացուցած է մասնաւորապէս Նիկոսիայէն թռիչքներ կատարելու մասին, առանց նշելու հնարաւոր սպառնալիքի որեւէ աղբիւր: