Եւրոպական օդային անվտանգութեան կազմակերպութիւնը (Eurocontrol) կոչ ըրած է օդանաւային ընկերութիւններուն զգուշանել Միջերկրականի արեւելեան հատուածէն, Սուրիոյ վրայ յառաջիկայ 72 ժամերու ընթացքին հնարաւոր օդային հարուածներու
պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ»ը:
Eurocontrol-ը նշած է, որ այդ ժամանակահատուածին հնարաւոր է որ օգտագործուին օդ-ցամաքային եւ «Քրուզ» տիպի հրթիռներ, եւ հաւանական է, որ անլար նաւարկութեան սարքաւորումներու աշխատանքը խանգարուի եւ ընդմիջումներով ընդհատուի:
Կազմակերպութիւնը զգուշացուցած է մասնաւորապէս Նիկոսիայէն թռիչքներ կատարելու մասին, առանց նշելու հնարաւոր սպառնալիքի որեւէ աղբիւր: