image

Ո՞վ պիտի դառնայ Իրպիլի յաջորդ առաջնորդը

Ո՞վ պիտի դառնայ Իրպիլի յաջորդ առաջնորդը

Օրերս իրաքեան Քիւրտիստանի նախագահ Պարազանի նամակ յղած էր խորհրդարանանին, յայտարարելով, որ կը ցանկայ հրաժարիլ նախագահի իր պաշտօնէն, միաժամանակ պահանջելով միջոցներ ձեռնարկել, աթոռը թափուր չձգելու համար: Սոյն նամակին յաջորդեց խորհրդարանի կողմէ նախագահի լիազօրութիւնները բաշխելու օրէնքի նախագիծի հաստատումը:

Այս առթիւ, ինչպէս կը յայտնէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը, խորհրդարանը Իրպիլի մէջ փակ նիստ յայտարարած է, բոլոր քաղաքական ուղղութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, սակայն աւելի ուշ նիստերու դահլիճէն վտարուած է ընդդիմադիր «Վերափոխման շարժում»ը:

Խորհրդարանը քննարկած է Պարազանիի նամակի հիման վրայ իշխանութեան տեղափոխումն ու բաշխումը կառավարութեան, խորհրդարանի եւ դատական իշխանութեան միջեւ:

Դեմոկրատական շարժման նախագահ Ումիտ Խոշնաու յայտարարած է, որ Պարազանի պիտի շարունակէ մնալ քիւրտ ղեկավար եւ Փէշմարքայի մարտիկներէն մին:

Ըստ իրաքեան հարցերու մասնագէտ Մուհամմատ Ֆայսալի, Պարազանիի նամակը, ինչպէս նաեւ անցեալին անոր որպէս ժառանգորդ պատրասուած անձն ու բոլոր նախադրեալները ցոյց կու տան, որ յաջորդը նոյն ընտանիքի ներկայացուցիչ պիտի ըլլայ, եւ հաւանաբար ան Նիճերվան Պարազանին է, որ կը դիտուի որպէս յառաջիկայ շրջանի Քիւրտիստանի ղեկավար:

Մուհամմատ Ֆայսալ նշած է նաեւ, որ մէկէ աւելի անգամներ Պաղտատին ու տարածաշրջանի միւս երկիրներուն ակնարկ կատարուած է, որ Նիճերվան պատրաստ է յարգելու տարածաշրջանի տարբեր ազգերու եւ հասարակութիւններու նեքին խնդիրներն ու Իրաքի սահմանադրութիւնը, եւ պատրաստ է նշուած սահմանադրութեան դրոյթներու հիման վրայ անմիջապէս երկխօսութեան ձեռնարկել:

Մուհամմատ Ֆայսալի համոզմամբ, այս ձեւով իրաքեան Քիւրտիստան պիտի վերագտնէ իր անդորրը, իսկ Մասուտ Պարազանի պիտի շարունակէ մնալ կառավարութեան առաջին այրերէն, հակառակ քաղաքական գետնի վրայ իր ներկայացուցած հրաժարականին: