Թրքական պատմագիտական ընկերութեան նախկին նախագահ, Քայսերիէն ընտրուած անկախ պատգամաւոր, թուրք ազգայնական գործիչ Եուսուֆ Հալաչօղլու, մեկնաբանելով Իրաքեան Քիւրտիստանի անկախութեան մասին հանրաքուէն, քննադատած է Թուրքիոյ իշխանութիւնները, ակնարկելով, որ Իրաքեան Քիւրտիստանի ղեկավար Մասուտ Պարազանիին իրենք են, որ աջակցած են ժամանակին:
Ինչպէս կը գրէ թրքական «t24.com.tr» կայքը, Հալաչօղլու յայտարարած է, որ ըստ իրեն, Իրաքեան Քիւրտիստան ներխուժելու, այնտեղի քիւրտերը «մորթել-կախելու» մասին Թուրքիոյ սպառնալիքներն այդպէս ալ պիտի չիրականացուին:
«Օդային ու ցամաքային սահմանը տակաւին բաց է, նաւթի վերամշակման կէտերը կը շարունակեն աշխատիլ, ո՞ւր էք: Որոշ ժամանակ անց պիտի պատճառաբանեն, թէ Պարազանիին պատճառով չենք ուզեր ամբողջ բարեկամ ժողովուրդ մը սուրի տակէ անցընել, բայց իրականութիւնը այս է. ո՞վ կը վաճառէ Պարազանիին նաւթը, ո՞վ օգնած է իրաքցի քիւրտ փեշմարկաներուն անցնելու համար Սուրիա, ո՞վ Պարազանիին հետ ձեռք-ձեռքի տուած էր, աչքերը լեցուցած կանգնած Տիարպէքիրի մէջ: Նման պատժամիջոցներու դիմելը նման է դուն քու դէմդ պատժամիջոցներ կիրառելուն», - գրած է Հալաչօղլու: