image

Ո՞վ կը վաճառէ Պարազանիի նաւթը. ըստ թուրք ազգայնական գործիչին, Թուրքիա պիտի խուսափի պատժամիջոցներ կիրառել Քիւրտիստանին դէմ

Ո՞վ կը վաճառէ Պարազանիի  նաւթը. ըստ թուրք ազգայնական գործիչին, Թուրքիա պիտի խուսափի պատժամիջոցներ կիրառել Քիւրտիստանին դէմ

Թրքական պատմագիտական ընկերութեան նախկին նախագահ, Քայսերիէն ընտրուած անկախ պատգամաւոր, թուրք ազգայնական գործիչ Եուսուֆ Հալաչօղլու, մեկնաբանելով Իրաքեան Քիւրտիստանի անկախութեան մասին հանրաքուէն, քննադատած է Թուրքիոյ իշխանութիւնները, ակնարկելով, որ Իրաքեան Քիւրտիստանի ղեկավար Մասուտ Պարազանիին իրենք են, որ աջակցած են ժամանակին:

 

Ինչպէս կը գրէ թրքական «t24.com.tr» կայքը, Հալաչօղլու յայտարարած է, որ ըստ իրեն, Իրաքեան Քիւրտիստան ներխուժելու, այնտեղի քիւրտերը «մորթել-կախելու» մասին Թուրքիոյ սպառնալիքներն այդպէս ալ պիտի չիրականացուին:

 

«Օդային ու ցամաքային սահմանը տակաւին բաց է, նաւթի վերամշակման կէտերը կը շարունակեն աշխատիլ, ո՞ւր էք: Որոշ ժամանակ անց պիտի պատճառաբանեն, թէ Պարազանիին պատճառով չենք ուզեր ամբողջ բարեկամ ժողովուրդ մը սուրի տակէ անցընել, բայց իրականութիւնը այս է. ո՞վ կը վաճառէ Պարազանիին նաւթը, ո՞վ օգնած է իրաքցի քիւրտ փեշմարկաներուն անցնելու համար Սուրիա, ո՞վ Պարազանիին հետ ձեռք-ձեռքի տուած էր, աչքերը լեցուցած կանգնած Տիարպէքիրի մէջ: Նման պատժամիջոցներու դիմելը նման է դուն քու դէմդ պատժամիջոցներ կիրառելուն», - գրած է Հալաչօղլու: