image

Ո՞վ Կը Շահի Սըլայման Ֆրանժիյէի Լիբանանի Նախագահ Դառնալով

Ո՞վ Կը Շահի Սըլայման Ֆրանժիյէի Լիբանանի  Նախագահ Դառնալով

  Շաբաթէ  մը ի վեր  լիբանանեան   քաղաքական   դաշտը   կարեւոր զարգացումներ կ'ապրի:  Րիատ, Փարիզ եւ  Պէյրութ  թատերաբեմ կ'ըլլան       ամիսներէ ի վեր սպասուած հանդիպումներու: Այս հանդիպումներուն ամէնէն   կարեւորը  Փարիզի մէջ    կայացած հանդիպումն է  քրիստոնէական   «Ալ Մարատա» կուսակցութեան առաջնորդ Սըլայման Ֆրանժիյէի եւ  Սիւննի համայնքի  առաջնորդ    Սաատ Հարիրիի միջեւ:  Ցարդ  յստակ չէ, որ հանդիպումը որուն նախաձեռնութեամբ    կատարուած է: Սակայն  շրջանային  իրադարձութիւնները լաւ քննողի մը համար յստակօրէն կ'երեւի, որ հանդիպումը   Սէուտական  Արաբիոյ  շրջանին  մէջ յառաչիկայ    հանգրուանին որդեգրելիք նոր քաղաքականութեան առաջին  «կրակոց»ն է: Այս հանդիպումով  Սաատ  Հարիրի, որ  կոչուած է  Րիատի  քաղաքականութեան     բանբերը ըլլալ  մի քանի առումներով  քաղաքական իրարանցում կը ստեղծէ: Նախ   սագնապի կը մատնէ  Հարիրիի Մարոնի դաշնակիցները (14 Մարտ), եւ   լուսանցքի վրայ կը  ձգէ  «լիբանանեան  ուժեր» ու ղեկավար Սամիր Ժաաժաը, որ   երեսփոխան Միշէլ Աունին հետ   կը  համարուի   քրիստոնեաներու   կարեւորագոյն  առաջնորդներէն մէկը : Սակայն  հարցը միայն այս չէ,      Հարիրիի այս  նախաձեռնութեան մէջ կայ նաեւ «Հըզպալլա»ին   բազկերակը շոշափելու   միտումը:  Մինչ  «Հըզպալլա»  մինչեւ այս պահը հարցին շուրջ կը շարունակէ պահել իր լռութիւնը անդին  «Ազգային  ազատ հոսանք«ի      ղեկավարը    կը տագնապի:   Այս    ընդհանուր  մթնոլորտին մէջ Հարիրի եւ անոր  տէր համարուող Ապտըլ  Ազիզներու    թագաւորութիւնը կարեւոր պատգամներ կը յղէ մասնաւորապէս Իրանին:  Չնայած անոր, որ Րիատ   անդրդուելի կը մնայ  Սուրիոյ տագնապին առընթեր իր կարծր  կեցուածքներով երեւելի է նաեւ, որ ինչպէս Րիատ  այնպէս ալ Թեհրան    հաստատակամօրէն կ'ուզեն  լիբանանը հեռու պահել  սուրիոյ տագնապի հրդեհներէն:   Բայց արդեօք Սըլայման Ֆրանժիէյի պիտի յաջողի՞  կոտրել քաղաքական  սառոյցը եւ   իր  վաղեմի դաշնակիցներուն  վրայէն  ցատկելով հասնիլ Պաապատայի նախագահական պալատ: Ժողովրդային   առումով  դրական  կերպար համարուող Սըլայման Ֆրանժիյէի  նախագահ դառնալը  վստահաբար նոր հանգրուանի մը սկիզբը կրնայ ըլլալ պայմանաւ, որ զինք առաջադրող  կողմը  մինչեւ վերջ   հաստատակամ մնայ իր կցուածքին մէջ ու  մանաւանդ հեռու պահուի Պէյրութը   տարածքաշրջանին  մէջ      եռացող  լաւաներէն:  

 

  Խմբ.