image

Ո՞ւր անցուց Վարչապետ Փաշինեանը իր արձակուրդը

Ո՞ւր անցուց Վարչապետ Փաշինեանը իր արձակուրդը

«Վարչապետը վերադարձած է եւ աշխոյժ կ'աշխատի»,- «Հրապարակ»ին ըսած է վարչապետի մամլոյ խօսնակ Վլատիմիր Կարապետեանը։ Իսկ ե՞րբ պիտի մեկնիք Ս. Փեթերսպուրկ` միջազգային տնտեսական համաժողովին մասնակցելու։ «Յունիսի 6-ին»: Նոյն օ՞րը տեղի պիտի ունենայ Փութին-Փաշինեան հանդիպումը։ «Երբ պաշտօնապէս հաստատուի, կը հաղորդենք այդ մասին»: 

Հաստատ տեղի պիտի ունենայ, այնպէս չէ՞։ «Կը հաստատուի, կ'ասենք»: Ի դէպ, վարչապետն իր կարճատեւ հանգիստը անցուցած է Ենոքաւանի մէջ գտնուող «Ապագայ ռեզորթ» համալիրին մէջ, որ կը պատկանի ՔՈ կուսակցութեան համամասնական թեկնածու, «Ապագայ թուր» ՍՊԸ տնօրէն Արտակ Չիբուխչեանին: 

Ինչո՞վ բացատրել այդ նախընտրութիւնը՝ հարցուցինք պարոն Կարապետեանին։ «Դա վարչապետի ցանկութիւնն էր, ինքն էր որոշել այնտեղ հանգստանալ»: Ի դէպ, յիշենք, որ արմատներով Նիկոլ Փաշինեանը եւս Ենոքաւանէն է: Անոր ծննդեան օրը բաւականին շէնշող կազմակերպուած է, յատուկ վրաններ եղած են։ Ենոքաւանի մէջ կը կառուցուի աշխարհի ամենաերկար` 2680 մ Զիփլայնը»,-կը գրէ թերթը:

Նիւթը ամբողջությամբ կարդաէք թերթի այսօրուայ համարին մէջ: