image

Յաջողութեամբ աւարտեցաւ Ճինիշեան յիշատակի հիմնարկի ամառնային ճամբարը 


Յաջողութեամբ աւարտեցաւ Ճինիշեան յիշատակի հիմնարկի ամառնային ճամբարը  


Լիբանանի Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկի կազմակերպած հնգօրեայ ամառնային ճամբարը աւարտեցաւ բովանդակալից, ուսանելի եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Վերջին օրը նշանաւորուեցաւ հաղորդակցութեան հմտութիւններուն նուիրուած աշխատանոցներով, գնահատման հանդիպումով եւ յիշատակելի անակնկալներով, որոնք արժէքաւոր աւարտ մը շնորհեցին ճամբարի ամբողջ ընթացքին։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ  ճամբարին մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝

Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկի ամառնային ճամբարին վերջին օրը յատուկ եւ յիշարժան աւարտ մը եղաւ։

Մասնակիցները սիրով հիւրընկալեցին WAZNAT խորհրդատուական ընկերութենէն տիկին Քարլա Զուղէյպն ու տիկին Քրիսթէլ Սապրը, որոնք վարեցին հետաքրքրական աշխատանոցներ՝ նուիրուած դրական հաղորդակցութեան եւ անոր ազդեցութեան առողջ ու ամուր յարաբերութիւններ կառուցելու մէջ։ Տեսանիւթերու, ինքնագնահատման վարժութիւններու, խմբային քննարկումներու եւ գործնական աշխատանքներու միջոցով, երկու խումբերու բաժնուած պատանիներն ու պարմանուհիները ձեռք ձգեցին արժէքաւոր գիտելիքներ եւ հաղորդակցական հմտութիւններ, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ իրենց առօրեային մէջ։

Աշխատանոցներու աւարտին, բոլոր մասնակիցները ստացան ուսապարկեր՝ լեցուն գրենական պիտոյքներով, որոնք սիրայօժար տրամադրուած էին WAM կազմակերպութեան կողմէ։

Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկի տնօրէն Քրիսթին Դանիէլեան Սարգիսեան իր խոր շնորհակալութիւնը յայտնեց WAZNAT-ի խումբին եւ WAM կազմակերպութեան՝ ճամբարին վերջին օրը այսքան օգտակար, ներշնչող եւ ուրախ դարձնելու համար։

Օրուան վերջին բաժինը յատկացուած էր ճամբարի հնգօրեայ ընթացքի գնահատման։ Մասնակիցներն ու կազմակերպիչները միասին անդրադարձան ծրագրի դրական կողմերուն, ներկայացուցին իրենց առաջարկներն ու կարծիքները՝ ապագայ նախաձեռնութիւնները աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով։

Այսպէս, մեր պատանիներն ու պարմանուհիները վերադարձան տուն՝ իրենց հետ տանելով նոր գիտելիքներ, գեղեցիկ յիշատակներ, ամուր բարեկամութիւններ եւ անմոռանալի փորձառութիւն մը։ Անհամբեր կը սպասենք կրկին հանդիպելու անոնց հետ Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկի յառաջիկայ ծրագիրներուն։