Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ նաւերուն կամ բեռներուն հասցուած որեւէ վնասի փոխհատուցումը պիտի կատարուի իրանական սառեցուած միջոցներէն, որոնք կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու վերահսկողութեան տակ։ Այս մասին ան գրած է Truth Social հարթակին վրայ։
«Այս պահէն սկսեալ եւ մինչեւ նոր ծանուցում, նաւերու, բեռներու կամ անոնց հետ կապուած որեւէ վնասի հատուցումը պիտի վճարուի իրանական միջոցներէն, որոնք կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու տիրապետութեան եւ վերահսկողութեան տակ։ Այդ վնասները կրնան շատ մեծ ըլլալ, սակայն այս քայլը արդար եւ համարժէք է»,– գրած է Թրամփ։
Գրառումը կատարուած է այն բանէ ետք, երբ Իրանի աջակցութիւնը վայելող հուսի ապստամբները Կարմիր ծովուն մէջ թիրախաւորած են Սէուտական Արաբիոյ նաւերը, որու հետեւանքով յուլիս 23-ին նաւթի գինը այս տարուան մայիսէն ի վեր առաջին անգամ բարձրացած է՝ մէկ պարէլի դիմաց հասնելով 100 տոլարի։
Համացանցի մէջ առկայ տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը գտնուի մօտ 2 միլիառ տոլարի իրանական սառեցուած միջոցեր, մինչդեռ տարբեր երկիրներու մէջ սառեցուած իրանական ընդհանուր միջոցները կրնան հասնիլ մինչեւ 100 միլիառ տոլարի։
Այդ միջոցներու ապասառեցումը Թեհրանի համար կարեւոր կէտ էր յունիսին Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրին մէջ։ Սակայն այդ յուշագիրը յուլիսին խախտուած է, երբ Միացեալ Նահանգները վերսկսած է Իրանի դէմ հարուածները՝ Հորմուզի նեղուցին մէջ Թեհրանի կողմէ նաւերու թիրախաւորման պատճառով։