Հայ Իրաւաբանական միութեան 37-րդ տարեկան ժողովին ընթացքին, Ուաշինկթընի մէջ ընտրուած է կազմակերպութեան նոր վարչութիւնը։ Միութեան նոր ատենապետ ընտրուած է Զաւէն Սարգսեան, որ վերջին տարիներուն գործուն մասնակցութիւն բերած էր Արցախի եւ Հայաստանի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած աշխատանքներուն։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
Հայ Իրաւաբանական միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ գումարուած իր 37րդ Տարեկան ժողովին ընթացքին միութեան նոր վարչութիւն մը ընտրուած է, որուն ատենապետն է Զաւէն Սարգսեանը։
Հայաստանէն դուրս հայ իրաւաբաններու մեծագոյն համախմբումը հանդիսացող Հայ Իրաւաբանական միութեան նոր ղեկավարը վերջին չորս տարիներուն մաս կը կազմէր միութեան վարչութեան, կարեւոր դեր կատարելով յատկապէս Արցախի եւ Հայաստանի հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու աշխատանքներուն մէջ։
Սարգսեան կը փոխարինէ նախորդ ատենապետը՝ Թալին Սահակեանը, որուն պաշտօնավարութեան օրերուն միութեան գործութեան դաշտը զգալիօրէն ընդարձակուեցաւ։
Հայ Իրաւաբանական միութեան նոր վարչութեան միւս անդամներն են՝ Սթիւ Տէտէեան (փոխատենապետ, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա), Մարիամ Կիւրեղեան (փոխատենապետ, Էնսինօ, Քալիֆորնիա), Մեսրոպ Խուտօղուլեան (գանձապահ, Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա), Լեւոն Կոլենտուխեան (քարտուղար, Նիւ Եորք, Նիւ Նորք), Թալին Սահակեան (նախորդ ատենապետ, Նիւ Եորք, Նիւ Նորք) եւ Լուսի Վարդապետեան (յատուկ խորհրդական, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա)։