image

ԱՄՆ-ը նոր մաքսատուրքեր սահմանած է 60 երկրի դէմ

ԱՄՆ-ը նոր մաքսատուրքեր սահմանած է 60 երկրի դէմ

Միացեալ Նահանգները հարկադիր աշխատանքի դէմ պայքարի պատրուակով մաքսատուրքեր սահմանած է իր 60 առեւտրային գործընկերներու նկատմամբ։ Այս մասին կը հաղորդէ Reuters գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով ամերիկեան վարչակազմի ներկայացուցիչին։

Անոր համաձայն՝ մաքսատուրքերու չափը կազմած է 10%-էն մինչեւ 12,5%։ Սահմանափակող միջոցառումները կիրառուած է 60 երկիրի, ներառեալ՝ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու նկատմամբ։ Մաքսատուրքերը ուժի մէջ մտած են այսօր՝ ԱՄՆ արեւելեան ափի ժամանակով գիշերուան ժամը 12։01-ին (Երեւանի ժամանակով՝ առաւօտեան ժամը 8։01-ին)։ Այսպիսով, անոնք փաստօրէն պիտի փոխարինեն ամերիկեան ներմուծման նկատմամբ ժամանակաւոր համաշխարհային մաքսատուրքերուն, որոնք ուժի մէջ մտած էին փետրուար 24-ին՝ 150 օրուան ժամկէտով։

Ներկայիս փոխադրուող ապրանքներուն համար մաքսատուրքերու կիրառումը յետաձգուած է մինչեւ յուլիս 28։

Reuters-ը նշած է, որ մաքսատուրքերու ազդեցութենէն դուրս պիտի մնան շարք մը ապրանքներ, որոնց կարգին՝ նաւթը, բնական կազը, պարարտանիւթերը, սննդամթերքի որոշ տեսակներ, ինչպէս նաեւ այն ապրանքները, որոնց նկատմամբ արդէն իսկ ամերիկեան մաքսատուրքեր կը գործեն, ներառեալ ինքնաշարժները, պողպատը, ալիւմինիումը եւ պղինձը։

Բացի այդ, մաքսատուրքերը չեն կիրառուիր այն ապրանքներու նկատմամբ, որոնք կ՚ընդգրկուին Միացեալ Նահանգներ–Մեքսիքա–Քանատա ազատ առեւտուրի համաձայնագիրին շրջածիրէն ներս։

Ուաշինկթընի գնահատումով՝ հարկադիր աշխատանքի դէմ պայքարի միջոցառումներ որդեգրած երկիրներու նկատմամբ մաքսատուրքը պիտի կազմէ 10 առ հարիւր, իսկ միւս պետութիւններու նկատմամբ՝ 12.5 առ հարիւր։