Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալաս յայտարարած է, որ Պրիւքսէլ Ուաշինկթընէն պիտի պահանջէ պարզաբանումներ՝ նոր մաքսատուրքերու սահմանման վերաբերեալ, աւելցնելով, որ այդ որոշումը Եւրոպական Միութեան համար «տհաճ անակնկալ» եղած է։ Ան այս մասին ըսած է Մանիլայի մէջ, Հարաւարեւելեան Ասիոյ պետութիւններու միութեան հանդիպումներու շրջածիրէն ներս, Reuters գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին։
Աւելի վաղ Միացեալ Նահանգները որոշած էր մաքսատուրքեր սահմանել 60 երկիրներու, ներառեալ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու նկատմամբ՝ այդ քայլը հիմնաւորելով հարկադիր աշխատանքի դէմ պայքարով։ Մաքսատուրքերու չափը պիտի կազմէ 10-12.5 առ հարիւր։
Քալաս նշած է, որ Եւրոպական Միութեան մէջ նման քայլի չէին սպասեր։ Անոր համաձայն՝ Եւրոպական Միութիւնը Միացեալ Նահանգներէն պիտի պահանջէ համապատասխան պարզաբանումներ։ Ան շեշտած է, որ Միութիւնը պահպանած է 2025-ին կնքուած անդրաթլանթեան առեւտրային համաձայնագիրով ստանձնած իր բոլոր պարտաւորութիւնները։
«Մենք Ամերիկայի հետ համաձայնագիր ունէինք եւ կը հետեւէինք այդ համաձայնագիրին… Ահա թէ ինչու մեզի համար տհաճ անակնկալ եղաւ այն, որ այդ համաձայնագիրը չի պահպանուիր»,– ըսած է Քալաս։
Ան նաեւ նշած է, որ նոր սահմանափակումները անհիմն են։ Քալասի համաձայն՝ եւրոպական աշխատանքային օրէնսդրութիւնը աւելի զարգացած է, քան ամերիկեանը, իսկ Եւրոպական Միութեան երկիրներուն մէջ «կայ վճարովի արձակուրդ, ինչպէս նաեւ աշխատանքի աւելի բարենպաստ պայմաններ»։