image

Հնչակեան 20 Կախաղաններու ոգեկոչում Թորոնթոյի մէջ

Հնչակեան 20 Կախաղաններու ոգեկոչում Թորոնթոյի մէջ

«Ամենայն տեղ մահը մի է, մարդ մի անգամ պիտ’ մեռնի,
Բայց երանի, որ իւր ազգի ազատութեան կը զոհուի»։

Այո, նահատակուեցան Քսանները յանուն հայրենիքի եւ վսեմ գաղափարի, բայց չուշացան քսան հազարները, որոնք հաւատարմօրէն շարունակեցին անոնց սրբազան ուղիէն ընթանալ: Ահաւասիկ 111 տարիէ ի վեր ամէն տարի ուխտը կը նորոգուի եւ հնչակեանը իր հեռատես, խիզախ եւ յանձնառու տեսլականով կը շարունակէ գործել յանուն վառ արշալոյսին՝ ազատ եւ անկախ Հայաստանի բար­գա­ւաճման։

Այսօր իրականացած է յեղափոխութեան երգիչին՝ Փարամազի մարգարէութիւնը. հայը մէկ անգամ եւս մեռնելով՝ հայը ապրեցաւ։ Ազատ եւ անկախ Հայաստանի երազը մարմին առաւ: Բիւր յարգանք ազատութիւնը իրագործող Քսաններուն եւ քսան հազարներուն։

Շաբաթ, 17 յունիս 2026-ին, Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան անմահ Քսան կախաղաններու ոգեկոչման հանդիսու­թիւ­նը՝ ներկայութեամբ ՍԴՀԿ Թորոնթոյի Վարիչ մարմինի, ՆՍՄՄ-ի անդամներու, համակիրներու եւ հայորդիներու։

Ձեռնարկը սկսաւ Հայաստանի, Գա­նատայի եւ Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցու­թեան քայլերգերով։ Ներկաները մէկ վայր­կեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին հնչակ­եան Քսաններուն յիշատակը։ Օ­րուան հանդիսավարը՝ Սարգիս Մխսեան, ներկաներուն բարի գալուստի խօսքեր ուղ­ղելէ ետք բեմ հրաւիրեց Վանա Գազանճեանը։ Վանան բոլորին յիշողութիւնը թարմացուց, թէ Քսան­ներուն ուղին որքա՜ն դժուար էր եւ պայմանները ինչքա՜ն ծանր։ Այնուամենայնիւ, անոնք խիզախօրէն պայքարեցան յանուն իրենց վսեմ գաղափարին եւ հայրենիքի ու հայ ժողովուրդի փրկութեան։

Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ պատանիներ Յակոբ Անուշեանի՝ Յովհաննէս Թուման­եա­նի «Մեր ուխտը», եւ Լենա Պալիոզեանի՝ Պարոյր Սեւակի «Մենք քիչ ենք» բանաստեղծութիւններու արտասանութեամբ։ Դաշնակի վրայ հնչեցին տիկ․ Մարիա Տաւուտեան-Այվազեանի կատա­րողու­թեամբ «Երազ իմ երկիր հայրենի», «Կիլիկիա», «Ազգ փառապանծ» եւ «Հնչակեան ենք մենք» կտորները։ Ապա ցուցադրուեցաւ «Քսանի լուսաբաց»-ը վաւերագրական տեսերիզը, ուր նկարագրուած էր 19-րդ դարու  հայ ժողովուրդին կեանքը՝ չափազանց դժուար ու ծանր օրերը։ Այդ ճակատագրական օրերուն ծնունդ առաւ ազգային-ազատագրական պայքարը՝ ազատագրել հայրենիքը եւ պաշտպանել հայ ժո­ղո­վուրդին իրաւունքները կարգախօսով։ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադիր­ներն ու գործիչները բացառիկ անձնազոհութեամբ ո՛չ մէկ սպառնալիքի առջեւ ընկրկեցան։ Սուրը, հուրը, բանտն ու մահը չկրցան կասեցնել կամ շիջեցնել անոնց ազգային իտէալներն ու ազատութեան գաղափարը։ Անոնց զոհաբերութիւնը դարձաւ նոր սերունդներու պայքարի, հաւատքի եւ յանձնա­ռու­թեան անսպառ ներշնչման աղբիւր։ Հետեւաբար, սոյն պայքարը Քսաններու նահատակութեամբ ան­կիւնադարձ մըն էր՝ բարձրագոյն արտայայտութիւն եւ ազատագրութեան աննախընթաց ճիչ։

Ժամը հասած էր ունկնդրելու օրուան պատգամը, զոր փոխանցեց փաստաբան, հանրածանօթ հրա­պարակագիր Պարգեւ Դաւիթեան։ Բանախօսը հանդիսատեսը առաջնորդեց դէպի հնչակեան Քսաններուն նահատակութեան պատմական խորհուրդը՝ լուսաբանելով այն ազգային ու քաղաքական պայմանները, երբ Քսանները գիտակցաբար ընտրեցին զոհաբերութեան եւ նահատակութեան ուղին։ Ան ընդգծեց, որ Քսաններուն պայքարը հիմնուած էր անսակարկ հաւատքի, ազգային արժանապա­տուութեան եւ ազատ հայրենիքի տեսլականին վրայ։ Անդրադառնալով անոնց կտակին եւ մէջբերելով Փարամազի, տոքթ․ Պէննէի, Արամ Աչըքպաշեանի խօսքերէն՝ ան յիշեցուց եւ շեշտեց, որ իրենց գաղա­փարախօսութիւնը կենդանի եւ շարունակելի է։ Անոնց անձնազոհութիւնը կը շարունակէ ներշնչել նոր սերունդները՝ հաւատարիմ մնալու ազգային արժէքներուն եւ անխոնջ շարունակելու պայքարը յանուն ազատ, անկախ եւ ամբողջական հայրենիքի։ Աւելին՝ սոյն զոհաբերութիւնը կը վերահաստատէ հաւա­տարմութիւնը ազգային արժէքներու, պատմական յիշողութեան պահպանման եւ սերունդէ-սերունդ փոխանցուող ազատասիրական ոգիին նկատմամբ։

Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան Քսաններու կախաղանումը հնչակեան ղեկավարներու դէմ լոկ դատա­րանի վճիռի մը գործադրութիւնը չսեպեց, այլ խորհրդանշական արարք մը՝ պատժելու ամբողջ հայ ազգը: Ան ըսաւ. «Օսմանեան կայսրութեան մօտաւորապէս 500 տարուան իշխանութեան ընթացքին միլիոնաւոր ազատատենչ մարդիկ բարբարոսաբար սպաննուած են: Սակայն ըստ Ուիքիփիտիա (Wikipedia) համացանցային համայնագիտարանին ուղղած հարցումիս, թէ այդ երկար շրջանին քանի՞ անգամ հաւաքական կախաղան հանուած մարդոց (mass hanging) դէպքեր պատահած են, պատասխան տրուեցաւ, թէ երեք անգամ այդ պատահած է. Պոլսոյ Յոյներու պատրիարք Կրեկորի 5-րդը եւ չորս յոյն ար­քեպիսկոպոս ու 6 յոյն եպիսկոպոս՝ 15 յունիս 1821-ին, հնչակեան Քսան կախաղանները՝ 15 յունիս 1915-ին, լիբանանցի եւ սուրիացի 14 ազատամարտիկ ազգային ղեկավարներ՝ 6 մայիս 1916-ին: Երեք պարագաներուն ալ հաւաքական բնոյթ ունեցող նահատակութեան թուրքը ուզած է անոնց ժողո­վուրդ­ներուն տալ պատժելու խորհրդանշական իմաստ: Առաջին պարագային՝ 1821 թուականի յունական ապստամ­բութեան ոգին պատժելու համար Պոլսոյ մէջ կախաղան բարձրացուեցան Պոլսոյ յոյն պատ­րիարքն ու թիւով տասը յոյն արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ, 1915 թուականին հայ ազա­տա­գրական ոգին պատժելու համար Պոլսոյ մէջ կախաղան հանուեցան հնչակեան Քսանները, եւ 1916 թուականին արաբ ազատգրական ոգին պատժելու համար Պէյրութի եւ Դա­մասկոսի մէջ կախաղան հանուեցան 14 ազգային ղեկավար մարդիկ: Երեք պարագաներն ալ կը խորհրդանշեն ամբողջ ժո­ղովուրդ մը պատժելու նպատակ մը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ»:

Հանդիսութիւնը եզակի առիթ մըն էր վերարժեւորելու Քսաններուն հայրենասիրութիւնն ու ազ­գա­սիրութիւնը, աննկուն կամքը, ինչպէս նաեւ անդրադառնալու այն պատմական իրադարձու­թիւննե­րուն, որոնք կերտեցին մեր ազգային ազատագրական յաղթական պայքարի էջերը։

Երեկոն փակուեցաւ ընկ․ Փանոս Ա­նուշեանի «Ողջոյն քեզ, Հնչակ», «Փառք Հնչակին», «Հնչակեան ենք մենք» եւ «Ուխ­տի հրաւէր» ջերմ, յուզիչ եւ խան­դավառող երգերու կատարողութեամբ։ Ապա տեղի ունեցաւ կոկիկ եւ պատշաճ հիւրասիրու­թիւն, որ առիթ ընծայեց ներ­կաներուն միա­սին վայելելու ջերմ զրոյցի ու հաղոր­դակցութեան պահեր։

Ներկաները խոնարհումի ու ե­րախ­տագիտութեան տուրք մատուցեցին Քսան­ներուն եւ բոլոր հայ հերոսներուն, որոնք նահատակուեցան ազգային ազա­տագրական պայքարի ճանապարհին։ 111 տարի ետք ուխտի նորոգման օրը կրկին կը յիշատակուի եւ մասնակիցնե­րը իրենց ազգային վեհ գիտակցութեամբ անգամ մը եւս կը նշեն մահափայտերուն վրայ կախաղա­նուած Քսան­ներուն անմեռ յիշատակը։


Լուրը՝ «Մասիս»էն