Ղարաբաղաեան սահմանին երէկ ամբողջ գիշեր եղած է լարուած: Այս մասին հաղորդագրութեամբ հանդէս եկած է ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Ըստ նախարարութեան հաղորդագրութեան հակառակորդը, երէկ հերթական անգամ փորձած է ներթափանցման փորձ կատարել հարաւային, հիւսիս-արեւելեան եւ արեւելեան սահմանային հատուածներուն ուղղութեամբ: Կը հաղորդուի նաեւ , որ տեղի ունեցած թէժ մերձամարտերուն ընթացքին նահատակուած են 19-ամեայ երկու զինածառայողներ: Նահատակուած զինուորներն են ՝ Աղասի Գրիգորեանն ու Ռուբէն Ալեքսանեանը : ԼՂՀ ՊՆ նախարարութունը նաեւ կը հաղորդէ, որ երէկ աւելի վաղ ժամը 17:00–ին հիսիսային սահմանային հատուածի իր դիրքին եղած պահուն մահացու վիրաւորում ստացած է զինծառայող Գոռ Օհանեանը: