Ամերիկայի պաշտպանութեան նախարարը, դիպուկ յայտարարութիւն մ'ընելով, կը զգուշացնէր բոլոր շրջանային կողմերը Լիբանանի մէջ «կողմնակի» պատերազմներ հրահրելէ:
Այս խօսքն անշուշտ կը հնչէր Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունեցած զարգացումներէն եւ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցած «անսպասելի» հրաժարականէն ետք:
Այսօր յստակ սկսած է դառնալ, որ Ռիատ իր նոր գահաժառանգի ձեռամբ հետամուտ է նոր քաղաքականութիւն մը մէջտեղ բերել:
Այդ քաղաքականութիւնն անշուշտ հակադարձութիւնն է Սուրիոյ եւ Եէմէնի մէջ թագաւորութեան ունեցած կորուստներուն:
Կարեւորն ու էականը այս բոլորին առընթեր ներ-լիբանանեան ընդհանուր կեցուածքն է, որ, ի հեճուկս Ռիատի լարած ականներուն, մնաց անդրդուելի ու լիբանանեան կողմեր, մոռնալով իրենց «մեծ ու փոքր» տարակարծութիւնները, հանդէս կու գային Սաատ Հարիրին պաշտպանողի դիրքերէն:
Տագնապը բաց է բոլոր առումներով:
Չէ բացառուած նաեւ, որ այս բոլորէն ետք տեղի կրնան ունենալ տարբեր մակարդակի «բախում»ներ:
Գլխաւոր առանցքն ու Լիբանանի անվտանգութեան հիմնական առանցքը սիւննիներուն կեցուածքն է, որոն մէջ յաւելեալ յստակութիւն պիտի մտցուի յառաջիկայ օրերուն:
«Ա»