Օրերս Վերոնայի մէջ բացումը կատարուած է Հրայր Թէրզեանի անունը կրող պողոտային: Հրայր Թէրզեան ծնած է Եթովպիա եւ որպէս բժիշկ գործած է Իտալիոյ մէջ: Թէրզեան մօրեղբայրն է ամերիկահայ յայտնի փաստաբան Վարդգէս Եղիայեանին: Պողոտայի բացման հանդիսութեան ներկայ եղած են Վէրոնայի քաղաքապետարանի բարձրաստիճան պատասխանատուներ:
