image

Վերջին ժամ. Ծանր արկած Դամասկոս-Հոմս ճանապարհին. Կան 30-է աւելի զոհեր

Վերջին ժամ. Ծանր արկած   Դամասկոս-Հոմս ճանապարհին. Կան 30-է  աւելի   զոհեր

 Նաւթատար  կառքի մը  եւ երկու  մարդատար կառքերու  միջեւ եղած  ծանր   արկածին հետեւանքով      զոհուած են  30-է աւելի անձեր։

 Այս   մասին լուրը կը հաղորդէ «Ալ Մայատին»  կայանը  նշելով, որ  Դամասկոս-Հոմս   ճանապարհին  եղած  արկածը  պատահած է   «Ժըսր  Պաղտատ» շրջանին մէջ։

 Սուրիոյ ներքին գործոց  նախարար Մոհամմէտ Խալէտ Ալ Ռահմուն,  որ դէպքի վայր ժամանած է  նկատել տուած է, որ դէպքը  արդիւնք էր  նաւթատար կառքի մը արգելակներուն խանգարման, որուն հետեւանքով ալ կառքը  բախած է  երկու մարդատառ մեծ  կառքերու։

Նախարարը նաեւ   ըսած է, որ  ներկայ պահու դրութեամբ  զոհերուն թիւը  հասած է 30-ի, չբացառելով   այն  վարկածը, որ   մահացողներուն թիւը ալ աւելիով բարձրանայ։

Կայանը  կը յիշեցնէ, որ  շրջանի  ոստիկանութիւնը  փութալով դէպքի վայր  քննութիւն բացած է  եղածին  վերաբերեալ։