Վայոց ձորի մարզի Եղեգիս համայնքին մէջ գտնուող միջնադարեան ջրաղացի քարերէն մէկուն վտանգ կը սպառնայ: Այս մասին NEWS.am-ին ահազանգած է մարզի բնակիչ Մարատ Զաքարեանը:
«Վայոց Ձորի Եղեգիս գիւղը հարուստ է պատմամշակութային յուշարձաններով: Յուշարձաններու այս խումբին կը պատկանին գետեզերքին գտնուող միջնադարեան երեք ջրաղացները: Ցաւօք, անոնք խոնարհուած են եւ ջրաղացի քարերէն մէկը անյայտ պատճառներով յայտնուած է գետի հունէն 50 սմ հեռաւորութեան վրայ: Մարդկային միջամտութեամբ կամ գետի վարարման պատճառով կրնար այն յայտնուիլ գետի մէջ ու յաւերժ կորսուիլ: Այս ճակատագրին արժանացած է խաչքարերէն մէկը եւ այս տարուան գարնան վարար Եղեգիսը քշած, տարած է: Այդ մասին տեղեակ պահած եմ համապատասխան մարմիններուն, այդ շարքին նաեւ Մշակոյթի նախարարութեան, բայց լռութիւն է: Կը խնդրեմ արձագանգել սրտացաւ մարդոց, որպէսզի կարողանանք համատեղ ուժերով տեղափոխել անվտանգ վայր՝ իր հարազատ ջրաղացի մէջ»,-ըսած է ան:
Մարատ Զաքարեանը նաեւ յայտնած է, որ մարզին մէջ այլ պատմամշակութային յուշարձաններ կամ անոնց մասունքներն ալ վտանգուած են. «Միջնադարեան տապանաքարը դրուած է գիւղի մէջ, պատի վրայ, իսկ խաչքարի բեկորն ու եկեղեցիէն բերուած կամարներու կտորները գոմի ներքին հարդարանքի մաս կազմած են: 4 Սեպտեմբերին նկարները ուղարկած եմ Մշակոյթի նախարարութիւն եւ անձամբ խօսած եմ նախարարի օգնականի հետ, իսկ 3 սեպտեմբերին գրած եմ ու նկարները ուղարկած եմ Կարէն Փահլեւանեանին, որ Յուշարձաններու պաշտպանութեան հայաստանեան գրասենեակի փոխտնօրէնն է: Նախարարի օգնականի հետ կը խօսին համարեայ ամէն օր, բայց սայլը տեղէն չի շարժիր»:
