Այնճար հայկական աւանի քաղաքապետի պաշտօնին նոր թեկնածուն է Վարդգէս Խօշեան: Այս մասին պաշտօնական տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը: Նշենք, որ Այնճարի քաղաքապետական խորհուրդը կը բաղկանայ 15 անդամներէ, որոնք բոլորն ալ բնականաբար հայեր են: Ազգային տարբեր պաշտօններ զբաղոցուցած Վարդգէս Խօշեանի թեկնածուութիւնը կը վայելէ Հ.Յ.Դ.ի աջակցութիւնը: