Մեր ամենամեծ խնդիրը այն է, որ համայնքներուն մէջ, նաեւ Երեւանի մէջ թաղումները կը կազմակերպուին այնպէս, կարծես ոչինչ եղած է: Այս մասին 19 մայիսին, Facebook-ի իր էջի ուղիղ եթերի ժամանակ նշած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ իր եթերը վերնագրած է «Ապակեդրոն պայքար «Քորոնա» ժահրի դէմ. եւ այդ մէկ մարդը դու՜ն ես, եւ այդ մէկ մարդը ես եմ»:
«Մենք արդէն դէպքեր ունինք, որ թաղումները կը դառնան համատարած բռնկումներու պատճառ: Իրար քիթ մտած չխօսիլ, այո, թաղումի չերթալ, եթէ շատ հարազատ մարդու մասին չէ խօսքը: Մի երթաք թաղման, ատկէ աշխարհը փուլ չի գար: Եթէ պիտի երթաք թաղման եւ այդպիսով եւս 10 մարդու մահուան ուղեգիր տաք, երթալու էութիւնը ի՞նչն է: Մեր հանգուցեալը անկէ աւելի գոհ ու շնորհակալ պիտի մնա՞յ: Ի հարկէ ոչ»,-ըսած է ան: