Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան խօսած է Արցախի անկախութեան մասին: Վարչապետը ըսած է, որ Հայաստանի կողմէ Արցախի անկախութեան ժամանակը տակաւին չէ հասած եւ երբ այդ անհրաժեշտութիւնը զգացուի, ապա Հայաստան պիտի դիմէ այդ քայլին: Վարչապետը նաեւ ըսած է, որ Արցախի շարքային զինուորէն մինչեւ ամենաբարձր զինուորական սպայ, բոլորին մօտ որեւէ պատերազմի փայլուն յաղթանակ տանելու պատրաստակամութիւնը առկայ է: