image

Տիարպէքիր.Պայթումի Հետեւանքով Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցիի Պատուհաներու Ապակին Կոտրուած

Տիարպէքիր.Պայթումի  Հետեւանքով Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցիի Պատուհաներու  Ապակին  Կոտրուած

Թուրքիա-  Քրտաբնակ  Տիարպէքիր քաղաքին մէջ գտնուող Սուրբ   Կիրակոս հայկական եկեղեցիի  պատուհաններուն  ապակիները փշրուած են: Նշենք, որ   ապակիները    փշրուած են      քիւրտ  զինեալներու  գործածած  ռումբի պայթումի մը հետեւանքով: «Էրմէնիհապէր»  այս մասին լուրը փոխանցելով նոյնպէս կը յայտնէ, որ եկեղեցիի  հայատառ ցուցանակին վրայ փամփուշտի հետքեր կան: Չի  բացառուիր, որ կրակոցները եւ   ռումբի պայթումը   կատարուած են  PKK-ի  զինեալներուն  կողմէ: Յիշեցնենք, որ Պոլսահայոց պատրիարքական տեղապահ Տ. Արամ  Արք.ին հրամանով այս տարուան  Սուրբ Խաչի     տօնին    առթիւ Աղթամարի մէջ  տեղի ունենալիք  պատարագը ապահովական մտահոգութիւններով  ջնջուած էր: