image

Իրանէն զգուշացում ԱՄՆ-ին. Զերծ մնալ նոր գրոհներէ

Իրանէն զգուշացում ԱՄՆ-ին. Զերծ մնալ նոր գրոհներէ

Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը Միացեալ Նահանգներուն զգուշացուցած է զերծ մնալ որեւէ նոր յարձակումէ՝ այն բանէն ետք, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ունեցած իր ելոյթին ընթացքին սպառնացած է ոչնչացնել Իրանը։ Այս մասին կը հաղորդէ Press TV հեռուստակայանը։

«Թրամփ կը մոռնայ, որ արդէն աւելի վաղ սպառնացած էր, սակայն չէր յաջողած իրականացնել իր սպառնալիքները, իսկ այժմ կրկին հանդէս կու գայ նոր սպառնալիքներով», - Press TV-ն մէջբերած է Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ներկայացուցիչ Հոսէյն Մոհեպիի խօսքը։

Ան ընդգծած է, որ Ուաշինկթըն նման գործողութիւններու դիմելու պարագային «ոչ մէկ բանի պիտի հասնէ, բացի ձախողութենէ»։

Իրանի զինուած ուժերու Ընդհանուր սպայակոյտը նոյնպէս նախազգուշացուցած է, որ Թեհրան պիտի հասցնէ «աւելի դաժան, ջախջախիչ ու անակնկալ հարուածներ»։ Ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ «անհիմն մեղադրանքներու եւ սպառնալիքներու» կրկնութիւնը պէտք չէ դիտարկել իբրեւ ուժի նշան, կը հաղորդէ հեռուստակայանը։

Բացի այդ, Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի խօսնակ Մոհամատ Պաղեր Ղալիպաֆ յայտարարած է, որ Իրանը պիտի չյանձնուի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ճնշման տակ պիտի չդադրեցնէ իր գործունէութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ իրանական պետական Tasnim գործակալութիւնը։

Միացեալ Նահանգներու նախագահը սեպտեմբեր 22-ին, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ելոյթ ունենալով, յայտարարած էր, որ ընտրութեան առջեւ կը գտնուի՝ Իրանի հետ համաձայնագիր կնքե՞լ, թէ՞ երկիրը ոչնչացնել։