Թուրքիա- Քրտաբնակ Տիարպէքիր քաղաքին մէջ գտնուող Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցիի պատուհաններուն ապակիները փշրուած են: Նշենք, որ ապակիները փշրուած են քիւրտ զինեալներու գործածած ռումբի պայթումի մը հետեւանքով: «Էրմէնիհապէր» այս մասին լուրը փոխանցելով նոյնպէս կը յայտնէ, որ եկեղեցիի հայատառ ցուցանակին վրայ փամփուշտի հետքեր կան: Չի բացառուիր, որ կրակոցները եւ ռումբի պայթումը կատարուած են PKK-ի զինեալներուն կողմէ: Յիշեցնենք, որ Պոլսահայոց պատրիարքական տեղապահ Տ. Արամ Արք.ին հրամանով այս տարուան Սուրբ Խաչի տօնին առթիւ Աղթամարի մէջ տեղի ունենալիք պատարագը ապահովական մտահոգութիւններով ջնջուած էր: