Ուզպեքիստանի մէջ աշխատանքային խումբ ստեղծուած է Նախիջեւանէն Թուրքիոյ ուղղութեամբ նախատեսուող երկաթուղիի կառուցման ծրագիրին երկրի մասնակցութեան հնարաւորութիւնը ուսումնասիրելու համար։ Այս մասին յայտարարած է Ուզպեքիստանի փոխադրութեան նախարար Իլհոմ Մախքամով։
Անոր խօսքով՝ համապատասխան յանձնարարականները տրուած են Ուզպեքիստանի նախագահ Շաւքաթ Միրզիյոեւի՝ Վրաստան եւ Ատրպէյճան կատարած այցելութիւններուն արդիւնքով։
«Այս ուղղութիւններէն իւրաքանչիւրին համար առանձին աշխատանքային խումբ ստեղծուած է», ըսած է Մախքամով O’zbekiston 24 հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ։
Նախարարը նշած է, որ Փոխադրութեան նախարարութիւնը ներկայացուցած է կատարուած աշխատանքներուն, արձանագրուած արդիւնքներուն եւ մինչեւ տարեվերջ նախատեսուող քայլերուն վերաբերեալ հաշուետուութիւններ, որմէ ետք ստացած է հետագայ աշխատանքներուն վերաբերեալ յանձնարարականներ։
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Ուզպեքիստան կ՚ուսումնասիրէ Նախիջեւանէն դէպի Թուրքիա երկաթուղիի կառուցման մասնակցելու հնարաւորութիւնը։ Նախատեսուած է, որ ծրագիրը հնարաւորութիւն պիտի տայ երկաթուղային կապով հասնելու Թուրքիոյ Սամսուն եւ Պոլիս նաւահանգիստները։