image
Հրատապ լուրեր:

Թովմաս տը Վաալ. Պէտք չէ կրկնուի 90-ականներու մարդկային ողբերգութիւնը

Թովմաս  տը Վաալ. Պէտք չէ  կրկնուի    90-ականներու   մարդկային ողբերգութիւնը

Ղարաբաղեան հարցին քաջածանօթ, «Քարնեկի» հիմնադրամի գիտաշխատող՝ Թովմաս տը Վաալ Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ նոր բռնկուած պատերազմի մասին յօդուած հրապարակած է Carnegie.ru կայքը։ Տը Վաալ  մասնաւորապէս հարց կու տայ,  թէ ինչ   այս  փուլին է, որ հակամարտութիւնը  սկիզբ  առաւ    գրելով, թէ  «Առաջին հերթին այն պատճառով, որ փոխադարձ գրգռուածութիւնը վաղուց կուտակուած էր, երկրորդ՝ այն պատճառով, որ հիմա եկած է յատուկ պատմական պահ»։

 

 Ըստ  Տը Վաալին իրավիճակը կը խորացնէ երկու նոր հանգամանք։ Առաջինը այն է, որ ի տարբերութիւն այն երկիրներու մեծամասնութեան, որոնք աւանդաբար կոչ կ'ուղղեն ապամագլցման եւ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման, այս անգամ տարածաշրջանին մէջ ազդեցիկ տէրութիւն՝ Թուրքիան բացայայտօրէն կ'աջակցի հակամարտութեան կողմերէն մէկուն՝ Ատրպէյճանին։

Գրեթէ 30 տարի է, որ Թուրքիան կ'անդամակցի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան միակ միջազգային միջնորդին։ Թուրքերը միշտ ալ քաղաքականապէս աջակցած են Ատրպէյճանին, բայց միաժամանակ զսպած են զայն՝ խաղաղ լուծման կոչ ընելով։ Հիմա ամէն ինչ փոխուած է, եւ հակամարտութեան գօտիէն ներս աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը խախտուած է։

Երկրորդ նոր հանգամանքը այն է, որ  Միացեալ Նահանգներ   տարբեր հանգամանքներու  բերումով   ինքզինք  հեռու կը  պահէ հակամարտութենէն։1998-էն ի վեր Ուաշինկթըն Մինսքի խումբի երեք համանախագահներէն մէկն է։ 2001-ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները հանդիպում ունեցած են Ֆլորիտայի Քի Ուեսթ քաղաքին  մէջ, ուր միջնորդ էր ԱՄՆ-ը: Այդ ժամանակ նոյնիսկ յոյս առաջացաւ, որ հակամարտութիւնը կը կարգաւորուի։ Սակայն այս անգամ՝ 27  սեպտեմբերին, ԱՄՆ-ը խոշոր տէրութիւններէն վերջինը եղաւ, որ հանդէս եկաւ Ղարաբաղի իրավիճակի մասին յայտարարութեամբ։

Այս ցոյց կու տայ, որ Ուաշինկթընը ընդհանուր առմամբ կորսնցուցած է իր հետաքրքրութիւնը տարածաշրջանին նկատմամբ: Չի բացառուիր նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու ներկայ նախագահը, որ ժամանակին ներդրում կատարած է Պաքուի  Թրամփի աշտարակին մէջ, պատրաստ է Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը դիտարկելու բացառապէս  ձեռնարկատիրական շահերու տեսանկիւնէն։

Բացի այդ, այս անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ ԱՄՆ-ը այլեւս չի զբաղուիր տարածաշրջանային հակամարտութիւնները մարելով։ Ի վերջոյ, Ղարաբաղը արդէն երրորդ ընդհարումի գօտին է՝ Լիպիոյ ու Սուրիոյ հետ մէկտեղ, ուր Թուրքիան բախում կ'ունենայ Ռուսաստանի հետ։

Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան, ապա ի տարբերութիւն Պալքաններուն, ան երբեք նկատելի դեր չէ խաղցած ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ։ 1990-ականներուն, երբ հակամարտութիւնը նոր սկսած էր, Եւրոպական միութիւնը դեռ չունէր իր ներկայի աշխարհաքաղաքական յաւակնութիւնները։ 1998-ին Ֆրանսան դարձաւ Մինսքի խումբի երրորդ համանախագահը, սակայն Փարիզը չ՚առանձնանար հակամարտութեան նկատմամբ կայուն հետաքրքրութեամբ՝ չնայած Ֆրանսայի նախագահներու պարբերական ջանքերուն։

Ռուսաստանը եւ յատկապէս Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար` Սերկէյ Լաւրով կը մնան ամէնէն աշխոյժ միջնորդն ու միակ կողմը, որ կարող է համոզել Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը, որ հրադադարի մասին նոր համաձայնագիր կնքեն։ Սակայն Մոսկուան խիստ սահմանափակուած է իր քայլերով Պաքուի եւ Երեւանի հետ իր բարդ երկկողմանի յարաբերութիւններու այլ հարցերով, որոնք, բացի այդ, միշտ կասկածանքով կը վերաբերին տարածաշրջանի մէջ Ռուսաստանի մտադրութիւններուն: Ռուսաստանը երբեք չի կրնար ինքնուրոյն հասնիլ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման։

Ի վերջոյ, հակամարտութեան լուծման համար առկայ միջազգային ներուժը կը մնայ չօգտագործուած։ Տարիներ ծախսուած են անպտուղ դիւանագիտական շփումներու եւ 2006-էն սկսեալ շրջանակային փաստաթուղթի ձեւակերպումներու շուրջ ծագած վէճերու վրայ, կամ, օրինակ, թէ ԵԱՀԿ-ի քանի դիտորդ պէտք է ներկայ ըլլայ Ղարաբաղի մէջ:

Եւրոպացիներն ու ամերիկացիները կրնան որքան ըսես ողբալ Կովկասեան լեռներու լանջերուն խորացող այս հակամարտութեան կապակցութեամբ, բայց, ի վերջոյ, անոնց մօտ այլ ընտրութիւն չի մնար, բացի լրջօրէն զբաղելու անոր լուծմամբ։ Ընդ որում ՝ զբաղիլ Ռուսաստանի հետ համատեղ, չնայած այլ հարցերու շուրջ առկայ բոլոր հակասութիւններուն։ Տարածաշրջանէն ներս, ուր կ'աշխուժանայ Թուրքիան,   հեռու չէ Իրանը, ինչպէս նաեւ կ'անցնին խոշոր նաւթամուղեր եւ կազատար խողովակներ, որեւէ բռնկում կրնայ վերածուիլ միջազգային լուրջ խնդիրի։

Հակամարտութեան վերջ դնելը կարեւոր է նաեւ մարդասիրական նկատառումներով։ Ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին մօտ 20 հազար մարդ զոհուած է, աւելի քան մէկ միլիոն ստիպուած եղած է լքելու  իրենց տուները։ Նման բան պէտք չէ կրկնուի։ 1992-ին նորաստեղծ Մինսքի խումբը կոչ ըրաւ միջազգային համաժողով կայացնելու ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ, սակայն այն այդպէս ալ տեղի չունեցաւ։ Այժմ ժամանակն է զայն կայացնելու։