Թուրքիոյ մէջ գրաւուած է քրտական «Denge TV» հեռուստաալիքի ու «Batman FM» ռատիոկայանի ունեցուածքը, կը յայտնէ թրքական «demokrathaber.org» կայքը: Թրքական ոստիկանութեան յատուկ ջոկատայիններն այսօր առաւօտ մտնելով հեռուստաընկերութեան եւ ռատիոյի շէնք՝ ամբողջովին դատարկած են այն:
Կը նշուի, որ «Denge TV»-ի եւ «Batman FM»-ի աշխատանքը դադարեցուած էր Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջման փորձէն ետք յայտարարուած արտակարգ դրութեան պայմաններուն՝ երկրի նախարարներու խորհուրդի որոշմամբ:
Նշեալ կայաններու ղեկավարութիւնը մեղադրուած է Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական յայտարարուած «Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւն» խմբաւորմանն աջակցելու ու ահաբեկչամէտ քարոզչութիւն իրականացնելու համար: