image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ մէջ սուրիացի երեխաներ որպէս ստրուկ կը վաճառուին

Թուրքիոյ մէջ սուրիացի երեխաներ որպէս ստրուկ կը վաճառուին

Թուրքիոյ սոցիալական ծառայութեան փորձագէտներու միութիւնը ահազանգած է, որ Թուրքիոյ մէջ սուրիացի երեխաներ շահագործման եւ թրաֆիքինկի զոհ կը դառնան: Աղբիւրի համաձայն Թուրքիոյ միջոցաւ Եւրոպա հասնիլ փորձող սուրիացի ընտանիքներու երեխաները չեն ապահովագրուած: Մեծ թիւով սուրիացի երեխաներ Թուրքիոյ մէջ որպէս ստրուկ կը վաճառուին, գումարի դիմաց ամուսնութեան կը տրուին եւ կամ կը շահագործուին մարմնավաճառութեան շուկային մէջ:



Իզմիրի փաստաբաններու գրասենեակը իր հերթին հաղորդած էր, որ շուրջ 250.000 սուրիացի երեխայ Թուրքիոյ մէջ անյայտ կորսուած կը համարուի:



ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի (UNICEF) հրապարակած ուսումնասիրութեան համաձայն՝ Թուրքիա ապաստանած սուրիացի երեխաներուն 40 տոկոսը, այսինքն շուրջ 380 000 երեխայ, դպրոց չեն յաճախեր՝ ընկերային ու լեզուական խնդիրներու պատճառով: