Թուրքիոյ սոցիալական ծառայութեան փորձագէտներու միութիւնը ահազանգած է, որ Թուրքիոյ մէջ սուրիացի երեխաներ շահագործման եւ թրաֆիքինկի զոհ կը դառնան: Աղբիւրի համաձայն Թուրքիոյ միջոցաւ Եւրոպա հասնիլ փորձող սուրիացի ընտանիքներու երեխաները չեն ապահովագրուած: Մեծ թիւով սուրիացի երեխաներ Թուրքիոյ մէջ որպէս ստրուկ կը վաճառուին, գումարի դիմաց ամուսնութեան կը տրուին եւ կամ կը շահագործուին մարմնավաճառութեան շուկային մէջ:
Իզմիրի փաստաբաններու գրասենեակը իր հերթին հաղորդած էր, որ շուրջ 250.000 սուրիացի երեխայ Թուրքիոյ մէջ անյայտ կորսուած կը համարուի:
ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի (UNICEF) հրապարակած ուսումնասիրութեան համաձայն՝ Թուրքիա ապաստանած սուրիացի երեխաներուն 40 տոկոսը, այսինքն շուրջ 380 000 երեխայ, դպրոց չեն յաճախեր՝ ընկերային ու լեզուական խնդիրներու պատճառով: