Սերպիա- («Թուտէյզ Զաման»-Պոլիս)- Անգարայի մէջ Սերպիոյ դեսպանատունը շեշտած է, որ Սերպիա դէմ է իր քաղաքացիներու երրորդ երկրի մէջ զինուած հակամարտութիւններու մասնակցութեան եւ առաջարկած է գործակցիլ թրքական իշխանութեան հետ՝ պարզելու Քրտական Բանուորական Կուսակցութեան (PKK) կողմէ Թուրքիոյ անվտանգութեան ուժերուն դէմ պայքարին սերպ դիպուկահարներու ներգրաւուած ըլլալուն շուրջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Թուտէյզ Զաման»ը, փոխանցելով, որ անցեալ շաբաթ, թրքական տարբեր թերթերու եւ լրատուական գործակալութիւններու կողմէ նիւթեր հրապարակած էին այն մասին, որ PKK-ն սերպ դիպուկահարներ կը վարձէ՝ երկրի հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ տարած իր պայքարին մասնակցութեան: Թերթը կը նշէ նաեւ, որ Սերպիոյ Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը օրէնք հրապարակած է՝ նման որեւէ գործունէութեան դէմ կիրառելի պատժամիջոցներու մասին: Դեսպանատունը նաեւ յայտնած է, որ այդ արարքները երբեք չեն կրնար եւ պէտք չէ ալ առնչուին Սերպիոյ Հանրապետութեան եւ անոր կառոյցներու պաշտօնական քաղաքականութեան կամ գործունէութեան հետ, եւ յայտնած է իր ակնկալութիւնը, որ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ պաշտօնապէս տեղեկացուի այդ մասին, որպէսզի Թուրքիոյ եւ Սերպիոյ համապատասխան պաշտօնեաները կարենան համագործակցիլ:
Յիշեցնենք, որ որոշ թրքական լրատուամիջոցներ յայտնած էին, որ PKK-ն Եւրոպայի մէջ իր շարքերուն մէջ կը ներգրաւէ սերպ դիպուկահարներ, ինչպէս նաեւ վերջերս պարզուած էր, որ Ճիզրէի մէջ սպաննուած PKK դիպուկահարը սերպ մըն էր: Լրատուամիջոցները նաեւ յայտնած էին, որ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան (ՄԻԹ) հաշուետուութեան համաձայն ,մինչ օրս Թուրքիոյ անվտանգութեան ուժերը սպաննած են երեք սերպ դիպուկահարներ եւ տակաւին կան յաւելեալ հինգ սերպեր: