Անգարա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Երկրորդ անգամ ըլլալով՝ Թուրքիոյ մէջ կը նշուի միջազգային Հոլոքոսթի զոհերու յիշատակի օրը, որը տեղի ունեցած էր Չորեքշաբթի, մայրաքաղաք Անգարայի Համալսարանին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Տէյլի Սապահ»-ը, նշելով, որ արարողութեան ներկայ եղած են Եւրոմիութեան նախարար եւ գլխաւոր բանագնաց Վոլքան Պոզքիրը, Թուրքիոյ հրէական համայնքի նշանաւոր անդամներն ու օտարերկրացի դիւանագէտներ: Հիւրերու շարքին եղած են նաեւ գլխաւոր ռապպի Իսհակ Հալէւան, հրէական համայնքի ղեկավար Իսհակ Իպրահիմզատէն եւ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պասսը:Թերթը կը նշէ, որ Հոլոքոսթի յիշատակման արարողութիւնը Թուրքիոյ մէջ կ'օգնէր թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու աշխուժացման, որ կտրուկ կերպով վատթարացած էր տխրահռչակ Մավի Մարմարայի վրայ եղած յարձակումէն՝ 2010 թ., եւ Իսրայէլի կողմէ Կազայի շրջափակումէն ետք: Պոզքիրը սակայն իր ելոյթին մէջ չէ անդրադարձած Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններուն, այլ կենդրոնացած է մասնաւորապէս Եւրոպայի մէջ աճող հակասեմիթիզմի, իսլամաֆոպիայի եւ այլատեացութեան դէմ: Ան նշած է, որ Թուրքիա անցեալ տարի Հոլոքոսթի յիշատակութեան կողքին, նաեւ վերականգնած եւ վերաբացած է Մեծ Էտիրնէի սինակոկը եւ նշած է Հանուքայի առաջին բացօթեայ տօնակատարութիւնը, աւելցնելով, որ այս միջոցառումներուն պետական պաշտօնեաներու մասնակցութիւնը մեծ նշանակութիւն ունեցած է՝ պահպանելու Թուրքիոյ զգօնութիւնը հակասեմականութեան դէմ:
Այս ուղղութեամբ «Սապահ» կը տեղեկացնէ, որ 2008 թ.-ին Թուրքիան մաս կազմած է Հոլոքոսթի յիշատակման Միջազգային դաշինքին, որ ստեղծուած էր 1998 թ., համակարգելու համար քաղաքական եւ սոցիալական աջակցութիւնը՝ Հոլոքոսթի կրթութեան, յիշատակի եւ հետազօտութիւններու վերաբերեալ: