Հալէպահայ մշակութային կեանքի նուիրեալ գործիչներէն, եւ ներկայիս Երեւան հաստատուած՝ Կարպիս Լեփէճեան կը գրէ ՝
Համավարակը խլեց նաեւ մեր Կիւլվարդին կեանքը: Մահ հասկացողութիւնը որքան ալ փորձենք ձեւակերպել կամ բացատրել, ան անկախ մեզմէ, մեր կողքին է ու կը քալէ կեանքին զուգահեռ: Այս երեք տառանի բառը երբ կ՝արտաբերենք կամ կը կրկնենք թէկուզ մեր միտքին մէջ, անոր կը կցենք անակնկալ կամ յանկարծակի բառերը…Այո, անակնկալ կուգայ ան ու ակնթարթի մէջ վերջակէտի կնքադրոշմը կ՝ըլլայ՝ քիչ առաջ շնչողին, ապրողին համար:
Սակայն եւ այնպէս, որքան ալ կորուստին ցաւը կրենք մեր մէջ, զայն ամօքելու համար բառերու եւ եզրրերուն կը դիմենք՝ որպէս մխիթարանք ու ինքնաբերաբար մեր միտքի պաստառին վրայ կ՝ուրուագծուի՝ յաւերժի ճամբորդին մեզի հետ կապուած յիշատակները: Ահա սոյն ամօքիչ յիշատակներու արահետը զիս տարաւ քառասուն տարիներու հեռուները, երբ Կիւլվարդը 1978ին միացաւ վերակազմուած Հալէպի ԱՆԴՐԱՆԻԿ թատերախումբին: Քառասնամեակ մը ամբողջ, անմնացորդ սէր ու նուիրում հայ թատրոնին: Համեստ, ճշդապահ ու աշխատասէր ներկայութիւն մը, որ արժանի է ամէն գնահատանքի: Իր դերասանական գործունէութեան զուգահեռ, թատերախումբի բեմադրիչի բացակայութեան ատեն, նաեւ այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնեց ան, որպէսզի անգործութեան չմատնուի թատերախումբը: Ինչպէս այլ Հալէպահայեր, ինք ու իր ընտանիքը եւս, ճարահատեալ <Սուրիական պատերազմի պատճառով> հաստատուեցան Հայրենիքի մէջ: Հոս ալ, Կիւլվարդը Չուզեց անգործ մնալ ու թէկուզ երկրորդական դերեր՝ նկարուեցաւ կարգ մը սերիալներու մէջ: Երբեմն առիթներով կը հանդիպէինք ու անցեալի յուշերով կը թարմացնէինք ներկան…աւաղ, մեր զրոյցները ընդհատուեցան սիրելի Կիւլվարդ…խունկ ու աղօթքին հետ, փունջ մը ծափ նորոգ շիրիմիդ…
Կարպիս Լեփէճեան
Երեւան, Յունիս 20 , 2021
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ