image

Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը նշուած է նաեւ Մասեացոտնի թեմէն ներս

Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը նշուած է նաեւ Մասեացոտնի թեմէն ներս

 

Հանդիսապետութեամբ թեմակալ  Առաջնորդ Տ. Գէորգ եպս. Սարոյեանին, 6 Յունիսին, Մասեացոտնի Թեմէն ներս նշուած է Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը:
Այս  մասին  «Արեւելք» տեղեկացաւ Մասեացոտնի Թեմի դիմատետրեան էջէն:
Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը յիշատակուած է Արտաշատի Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ուր յաւարտ Ս. Պատարագի, կատարուած է Սուրբ Էջմիածնի մաղթանք: