Թուրքիոյ մէջ կատարուած յեղաշրջման փորձէն ասդին տարբեր քաղաքներուն մէջ ցարդ անհասկնալի պատճառներով երկրի փոքրամասնութիւններուն դէմ բողոքի ալիք բարձրացած է: Այս մասին տեղեկութիւն հաղորդող աղբիւրներ նաեւ կը նշեն, որ բողոքող ամբոխը յարձակումներ գործած է Տրապիզոնի եւ Մալաթիոյ քրիստոնէական կարգ մը եկեղեցիներու դէմ: Մասնաւորապէս թիրախ դարձած են Տրապիզոնի Կաթոլիկ Սուրբ Մարիամ եւ Մալաթիոյ աւետարանական եկեղեցիները: Կը հաղորդուի նաեւ, որ բողոքարարները «Ալլահ ու աքպար» պոռալով մօտեցած են տարածք ու քարեր շպրտելով ջարդած են եկեղեցիներու ապակիները: Իրաւապահ մարմինները յայտնուած են դիտողի դերին մէջ: Մէկէ աւելի թրքական աղբիւրներ նոյնպէս կը հաղորդեն, որ բողոքի մեծ շարժումներ կան երկրի ալէւի համայնքի անդամներուն դէմ եւ այդ հալածանքը երեւելի է երկրի գլխաւոր քաղաքներուն՝ Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ: