image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ մէջ ամբոխը քարեր նետած է Տրապիզոնի եւ Մալաթիոյ եկեղեցիներուն վրայ

Թուրքիոյ մէջ     ամբոխը քարեր նետած է  Տրապիզոնի  եւ Մալաթիոյ  եկեղեցիներուն վրայ

Թուրքիոյ մէջ  կատարուած յեղաշրջման փորձէն ասդին  տարբեր  քաղաքներուն մէջ ցարդ անհասկնալի պատճառներով  երկրի փոքրամասնութիւններուն  դէմ   բողոքի ալիք բարձրացած է: Այս մասին տեղեկութիւն հաղորդող աղբիւրներ նաեւ կը նշեն, որ  բողոքող ամբոխը յարձակումներ գործած է Տրապիզոնի եւ Մալաթիոյ քրիստոնէական կարգ մը եկեղեցիներու դէմ: Մասնաւորապէս թիրախ դարձած են  Տրապիզոնի Կաթոլիկ Սուրբ Մարիամ եւ Մալաթիոյ աւետարանական եկեղեցիները: Կը հաղորդուի նաեւ, որ  բողոքարարները «Ալլահ ու աքպար»  պոռալով մօտեցած են  տարածք  ու քարեր շպրտելով ջարդած են եկեղեցիներու ապակիները: Իրաւապահ մարմինները  յայտնուած են դիտողի դերին մէջ: Մէկէ աւելի  թրքական  աղբիւրներ նոյնպէս կը հաղորդեն, որ  բողոքի մեծ  շարժումներ կան երկրի ալէւի  համայնքի  անդամներուն դէմ եւ այդ հալածանքը երեւելի  է երկրի գլխաւոր քաղաքներուն՝ Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ: