Թրքական բանակը երէկ յայտարարած է, Սուրիոյ Համա քաղաքին մէջ իր առաջին դիտարանը հիմնելու մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Lebanon 24»ը, նշելով, որ այս մէկը կը կատարուի Ասադանայի բանակցութիւններուն՝ լարուածութեան տարածքները նուազեցնելու որոշման ծիրէն ներս:
Թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը յայտնած է, որ նոր դիտակէտը կը գտնուի թրքական սահմանէն 88 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, եւ սուրիական բանակի դիրքերէն 3 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: