image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիան մտադիր է Լիպիա զօրք ուղարկել

Թուրքիան մտադիր է Լիպիա զօրք ուղարկել

Անգարան դեռ պատրաստ է քննարկելու Լիպիա զինուորներ ուղարկելու հնարաւորութիւնը, եթէ Թրիփոլիի Ազգային համաձայնութեան կառավարութենէն նման խնդրանք ստանայ: Այս մասին Թունիսի մէջ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը, կը փոխանցէ ԹԱՍՍ-ը: 

«Մենք երբեք որեւէ ուրիշ երկրի մէջ չենք գտնուած առանց [այդ պետութեան իշխանութիւններու կողմէ հրաւէրի: Եթէ համապատսխան հրաւէր ստանանք, ապա մենք այն կը քննարկենք»,- ըսած է թուրք առաջնորդը: Անոր ելոյթի հեռարձակումը կատարուած է Թուրքիոյ նախագահի Twitter-եան պաշտօնական էջէն:

23 Դեկտեմբերին Լիպիոյ ԱՀԿ-ի ղեկավար Ֆաիզ Սարաճը հաստատած էր, որ դիմած է Անգարային ռազմական օգնութեան համար։ Նոյեմբերին ստորագրուած լիպիա-թրքական յուշագիրը ռազմական ոլորտի մէջ համագործակցութեան մասին կը նախատեսէ սարքաւորումներու եւ սպառազինութեան մատակարարումներու հնարաւորութիւն ցամաքային, ծովային եւ օդային գործողութիւններու մէջ օգտագործելու համար։