image

Թուրքիա Վատիկան Պիտի Ուղարկէ Տուն Կանչուած Իր Դեսպանը

Թուրքիա  Վատիկան Պիտի   Ուղարկէ Տուն Կանչուած Իր Դեսպանը

Թուրքիա («Տէյլի Սապահ», «Արեւելք»- Պոլիս)  Թուրքիոյ   արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը   յայտատարութեամբ մը հանդէս գալով   ըսած է, որ Անգարա որոշած է    Վատիկան ուղարկել իր   տուն կանչուած դեսպանը: Այս մասին կը գրէ   թրքական «Տէյլի Սապահ»ը, որ  նաեւ մէջբերելով Թուրքիոյ ԱԳ խօսնակ  Թանճու Պէլճիքի   խօսքը՝   կը յայտնէ, թէ  թուրք դիւանագիտութեան համար  չափազանց կարեւոր   կեդրոն է  Վատիկանը  եւ իրենք կ'աշխատին  բնականոնացնել         երկու տէրութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները:  Նշենք, որ Վատիկանի  մօտ Թուրքիոյ դեսպան Մէհմէթ Փաչաճի    անցեալ    12  Ապրիլէն ետք   տուն կանչուած էր  առ  ի հակազդեցութիւն   Հռոմի  Ֆրանչիսքոս   Պապին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կատարած    պատմական  համարուած յայտարարութիւններուն:  Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ  տեղի ունեցած պատմական  պատարագէն  ետք  Վատիկանի եւ Անգարայի միջեւ  յարաբերութիւններու մեծ լարում գրանցուած էր: