image
Հրատապ լուրեր:

Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ ժողով՝ Վատիկանի մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ  ժողով՝  Վատիկանի  մէջ
Դրական լուրով մը սկսինք։
Այս պահուն Վատիկանի Սուրբ Աթոռէն ներս ընթացք առաւ համաքրիստոնէական աղօթքի օրը ՝ յանուն Լիբանանի։
Ուշագրաւը այստեղ այն է, որ Լիբանանի անվտանգութեան եւ կայունութեան համար ընթացող աղօթքի օրուան գաղափարը կը պատկանի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին, որ շուրջ ամիս մը առաջ հանդէս եկած էր այս նախաձեռնութեամբ։
Աղօթքէն բացի այս հանդիպման ընթացքին պիտի արտասանուին խօսքեր, ժողովին ներկայ առաջնորդ հայրերուն կողմէ, գլխաւորութեամբ Ֆրանչիսքոս Պապին։
Պատկերն ամբողջացնելու համար նշեմ, որ Լիբանան ըլլալով համայնքային դրութեամբ կառավարուող երկիր մը, այնտեղ կարեւոր խօսք ունին ըսելիք համայնքներու առաջնորդ- հոգեւոր պատասխանատուները, ու քանի այս փուլին ամէնէն աւելի կը խօսուի Քրիստոնեայ տարրին վտանգուած ըլլալուն մասին Վատիկան համաձայնութիւն տուած է նման նախաձեռնութեան մը։ Պէտք է յիշեցնեմ նաեւ, որ նախքան այս ժողովը Վատիկանի կողմէ մերձաւոր Արեւելքի համար եղած հիմնարար նախաձեռնութիւնը Հռոմի Պապին դէպի Իրաք կատարած հովուական այցն էր։
Յ.Գ. Անձնապէս քաղաքական առումով, ես շատ մեծ ակնկալիքներ չունիմ այս նախաձեռնութիւնէն, սակայն յարգելով կրօնական առաջնորդներուն նախաձեռնութիւնը ու նախանձախնդրութիւնը կատարեցի այս գրառումը։