Թուրքիա («Տէյլի Սապահ», «Արեւելք»- Պոլիս) Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը յայտատարութեամբ մը հանդէս գալով ըսած է, որ Անգարա որոշած է Վատիկան ուղարկել իր տուն կանչուած դեսպանը: Այս մասին կը գրէ թրքական «Տէյլի Սապահ»ը, որ նաեւ մէջբերելով Թուրքիոյ ԱԳ խօսնակ Թանճու Պէլճիքի խօսքը՝ կը յայտնէ, թէ թուրք դիւանագիտութեան համար չափազանց կարեւոր կեդրոն է Վատիկանը եւ իրենք կ'աշխատին բնականոնացնել երկու տէրութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները: Նշենք, որ Վատիկանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Մէհմէթ Փաչաճի անցեալ 12 Ապրիլէն ետք տուն կանչուած էր առ ի հակազդեցութիւն Հռոմի Ֆրանչիսքոս Պապին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կատարած պատմական համարուած յայտարարութիւններուն: Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ տեղի ունեցած պատմական պատարագէն ետք Վատիկանի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու մեծ լարում գրանցուած էր: