Մինչ Սուրիոյ բանակը սկսած է երեւելի ձեռքբերումներ գրանցել Իտլիպի ուղղութեամբ, անդին «Ժընտ ալ շամ» անունով յայտնի «ըննդիմադիր» խմբաւորումը իր աջակիցներէն պահանջած է ամէն գնով շարունակել զինուորական գործողութիւնները:
Նշենք, որ երէկ Սուրիոյ բանակը առաջին անգամ ըլլալով իր տիրապետութեան տակ առաւ Իտլիպի գիւղական հարաւային հատուածին մէջ գտնուող «Սընճար» աւանին: Բանակը այս քայլով յաջողեցաւ մօտենալ «Ապու ալ զուհուր» անունը կրող զինուորական օդակայանին, որ կարեւորագոյն ռազմական կէտ մը կը համարուի: Այս բոլորին զուգահեռ «Ժընտ ալ շամ» խմբաւորման երէկ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յստակ երանգներով նշուած է, որ խմբաւորումը ենթարկուած է դաւաճանութեան եւ այդ պատճառով է նաեւ, որ իսլամիստ ահաբեկիչները յայտնուած են դժուարին պայմաններու մէջ: Տակաւին կը խօսուի դասալքութեան դէպքերու մասին եւ ըստ «Ալ Մայատին» կայանին յառաջիկայ ժամերուն մենք ականատես պիտի ըլլանք ( յատկապէս Իտլիպի արեւելեան հատուածին մէջ) մեծաթիւ խմբաւորումներու շրջանէն հեռացումին եւ իսլամիստ զինեալներու դասալքութեան դէպքերուն: Այստեղ ենթադրելի է նաեւ, որ Անգարա անուղղակի ազդեցութիւն ունի այդ շրջանին մէջ ու յառաջիկայ օրերուն աւելի քան յստակ պիտի դառնայ Անգարայի միջամտութեան ընդհանուր պատկերը եւ անոր իր Սուրիոյ գլխաւոր աջակիցներուն «ծախել»ը, գործարք մը, որ ըստ երեւոյթին արդէն ընթացք առած է:
Ամէն պարագայի այս դէպքերուն զուգահեռ սպասելի է նաեւ, որ Սուրիա գտնուող թրքական բանակը յատուկ գործողութիւն մը կատարէ եւ մուտք գործէ քիւրտերու տիրապետութեան տակ եղող Աֆրին աւանը:
Ու եթէ այդ պատահի ապա աւելի քան յստակ կը դառնայ, որ ընթացքի մէջ է Անգարա- Դամասկոս վերին մակարդակի համագործակցութիւն մը, որուն հիմամբ Թուրքիան պիտի ապահովէ սուրիական իր «կռնակ»ը իսկ Սուրիոյ բանակը դարձեալ տէրը պիտի դառնայ Իտլիպ նահանգին, որ ընդդիմադիր ահաբեկիչներու սուրիական վերջին «դրախտ»ն էր:
«Ա»