image

«Թուրքերը Նախաճաշին Հայերուն «Կերան» Իսկ Այսօր Ընթրիքի Համար Քիւրտերուն Պիտի «Ուտեն». Ռազմիկ Սարգիսեան

«Թուրքերը Նախաճաշին  Հայերուն  «Կերան» Իսկ Այսօր Ընթրիքի Համար   Քիւրտերուն Պիտի «Ուտեն».  Ռազմիկ Սարգիսեան

«Թուրքերը Նախաճաշին  Հայերուն  «Կերան» Իսկ Այսօր Ընթրիքի Համար   Քիւրտերուն Պիտի «Ուտեն»,- «Արեւելք»ին ըսաւ  ԱՄՆ Արեւմտեան   շրջանի ՀԵԴ-ի   վարչութեան անդամ  Ռազմիկ Սարգիսեան:    Սարգիսեան նաեւ բացատրեց, որ  յառաջիկայ Շաբաթ օր Լոս Անճելըսի   Թուրքիոյ հիւպատոսարանին   առջեւ       կայանալիք ցոյցը     իրենց  առաջին նախաձեռնութիւնը չէ քիւրտերուն  հետ: «Մեզի համար Թահիր Էլչիի  սպաննութիւնը նման է  Հրանդ Տինքի   սպաննութեան եւ այս   մեթոտներով Թուրքիոյ իշխանութիւնները ցոյց կու տան  իրենց սեւ    դէմքը եւ   կը փաստեն, որ   իրենց թիրախը միայն հայերը չեն, այլ բոլոր  այն  փոքրամասնութիւնները, որոնք   այսօր Թուրքիոյ մէջ  կ'ապրին»:      «Բնական է, որ հայկական եւ քրտական դատերէն իւրաքանչիւրը իրենց   իւրայատկութիւնները ունին եւ չենք ուզեր նոյնացնել  երկու դատերը»,-  ըսաւ  Սարգիսեան  նկատել տալով, որ      այսօր քիւրտերուն հետ պատահած դէպքերը,  բռնութիւնները  եւ  հալածանքը ասկէ հարիւր տարիւր առաջ եղած են հայերուն  հետ` յայտնելով, թէ  «թուրքերը նախաճաշին  հայերուն  «կերան» իսկ այսօր ընթրիքի համար   քիւրտերը պիտի «ուտեն»: «Մեզի համար կարեւոր է զօրակցութիւն յայտնել քիւրտերուն, առանց կորսնցելու մեր  դատի  առաջնահերթութեան  հիմնական ուղեցոյցը» ըսաւ Սարգիսեան նշելով. «Մեր  մասնակցութեամբ քիւրտերուն կու գանք ըսելու, որ  դուք  առանձին չէք ձեր դատին  մէջ եւ մենք ձեր կողքին ենք, որովհետեւ այսօր դուք  նոյն ճակատագրին կ'ենթարկուիք»:   Դաշնակցական  երիտասարդին կարծիքով այսօր Թուրքիոյ մէջ   կատարուած  դէպքերը անմիջականօրէն  կապ ունին հայոց ցեղասպանութեան  ընդհանուր հոլովոյթին եւ   անկէ ետք ստեղծուած  պայմաններուն  հետ:  Սարգիսեան նկատեց, որ այսօրուան  պայքարը  առաջ տանելու համար  ցոյցերը եւ բողոքի երթերը  բաւական չեն, այլ պէտք է  գործի  դրուին  տարբեր    պայքարի միջոցներ:  Ան այս առումով ճիշդ համարեց  աշխատանք տանիլ Թուրքիոյ հասարակութեան մէջ, «որովհետեւ միայն այդ ձեւով կարելի է   Թուրքիոյ մէջ լուրջ եւ  տեսանելի փոփոխութիւններու հասնիլ»: Ան ըսաւ, որ   Լոս Անճելըսի  մէջ եղող  տարբեր համալսարանական  շրջանակներուն մէջ       բացորոշ  եւ յստակ     դիրքորոշում կայ    Թուրքիոյ կառավարութեան     կողմէ    գործադրուող       քաղաքականութիւններուն  դէմ  եւ բոլորին համար  յստակ է, որ   Էրտողանի գլխաւորած իշխանութիւնը  վատ իշխանութիւն է:  Ան մասնաւորելով իր խօսքը նշեց, որ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան  անդամներ շփումներ ունին Լոս Անճելըսի մէջ եղող  ուսանողական տարբեր  խմբաւորումներու եւ անդամներու հետ:  Ռազմիկ Սարգիսեան  նկատել տուաւ, որ այսօր իրենց տարած պայքարը    հունաւորուած աշխատանքի  եւ մտածելակերպի արդիւք է,  որը պէտք է շարունակուի առանց զիջումներու:        Ներկայացնելով    Ամերիկա- Թուրքիա շահերու վրայ հիմնուած յարաբերութիւններուն մասին իր   կարծիքը  Սարգիսեան նկատել տուաւ. «Այսօրուան աշխարհին մէջ    բոլոր   հաւանականութիւնները   առկայ են եւ մենք այդ առումով պատրաստ պէտք է ըլլանք,  թէ Թուրքիոյ մէջ      արձանագրուելիք փոփոխութիւններուն եւ թէ այդ փոփոխութիւններէն բխող   Ամերիկա-Թուրքիա  յարաբերութիւններու հաւանական վատթարացման, որովհետեւ  շահերու վրայ հիմնուած   յարաբերութիւնները կրնան  մէկ օրէն  միւսը փոխուիլ»: Ան նաեւ ըսաւ, որ Թուրքիոյ մէջ այսօր քաղաքական սուր պայքար   կայ   եւ այդ առումով «մենք,   որպէս  իրաւատէրներ պատրաստ պէտք է ըլլանք ցանկացած  զարցացումի»: Յիշեցնենք, որ   «Արեւելք»  երկու օր առաջ  տեղեկութիւն  փոխանցած էր  յառաջիկայ  Շաբաթ օր    քիւրտ իրաւապաշտան  Թահիր Էլչիի սպաննութեան  դէմ   տեղի ունենալիք   բողոքի  ցոյցին մասին, որուն նոյնպէս մասնակից պիտի դառնան  Լոս Անճելըսի մէջ գործող քրտական երիտասարդական միութեանց անդամներ: