Թունէս- («Ալ-Հայաթ»- Լոնտոն)- Թունէսի նախագահ Ալ-Քաէտ Պաճի Ալ-Սիպսին, Ուրբաթ օր զգուշացուցած է, որ երկրի մէջ սկիզբ առած ցոյցերը կրնան քոյր Լիպիոյ մէջ գտնուող «Տահէշ»ի համար պատեհ առիթ հանդիսանալ, որ ան մուտք գործէ Թունէս: Այս մասին գրելով «Ալ-Հայաթ» կը նշէ, որ Թունէսի մէջ գործազրկութեան եւ սոցիալակն անապահովութեան ցոյցերը նախագահի կողմէ բնորոշուած է որպէս «բնական» երեւոյթ, սակայն մտահոգիչը, անոր ետին առիթը օգտագործել ձգտող «չարակամ ձեռքեր»ն են:
«Հայաթ»ի համաձայն նախագահը նշած է, թէ հակառակ անոր, որ յեղափոխութեան նշանաբանը եղած էր «Ազատութիւն եւ Արժանապատուութիւն», եւ թէ ինք ալ կը գիտակցի, որ առանց աշխատանքի արժանապատուութիւն գոյութիւն չունենար, սակայն ան կու գայ բացատրելու, որ ներկայ կառավարութիւնը, որուն մէկ տարին տակաւին չէ բոլորուած, երկրի կառավարութիւնը ստանձնած օրէն ինքզինք շատ ծանր իրավիճակի առջեւ գտած էր, կապուած՝ շուրջ 7000 գործազուրկերու խնդրով, որոնց 250-300-ը վկայեալ երիտասարդներ են:
Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ Պաճի յայտնած է, թէ բողոքի երթերէն ետք պատահածը այն է, որ այլ նպատակներու ծառայող խումբեր բորբոքած են ցուցարարները: Նախագահը այդ ուղղութեամբ հաստատած է, որ այդ խառնակիչ կողմերը յայտնի են թէ ովքեր են, եւ կառավարութեան ծանօթ է անոնց կուսակցական պատկանելիութիւնը, անկախ անոնք գրանցուած, թէ անօրինական կուսակցութիւններու անդամ ըլլալէ: Եւ կը զգուշացնէ, որ «Տահէշ»ը գրեթէ հասած է Թունէսի սահմաններուն եւ անոր կը թուայ որ ժամանակը հասունցած է, որ ան միջամտէ այս գործողութեան:
Կը նշուի, որ Թունէսի Ալ-Քասրինի շրջանի մէջ բողոքի երթերն ու անկարգութիւնները սկիզբ առած էին, 28 ամեայ աշխատազուրկ երիտասարդ Ռիտա Ալ-իյհաուիի մահէն ետք, որ կառավարիչի նստավայրին առջեւ ցոյցի ընթացքին ելէկտրական սիւնին բարձարանալով հոսանքահարուած եւ մահացած էր:
Ինչպէս նաեւ կը նշուի, որ Թունէսի ներքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարած է գիշերային պարետային ժամ ՝ երկրի ամբողջ տարածքին: