image

Թունաւորման դէպք Արմաւիրի մէջ. Կան տասնեակ տուժածներ

Թունաւորման դէպք Արմաւիրի մէջ. Կան տասնեակ  տուժածներ

ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, թէ 17 մայիսին, ժամը 18:34-ին, Արմաւիրի ԲԿ-էն «911» ծառայութեան տեղեկութիւն ստացուած է, որ սննդային թունաւորման ախտանիշներով իրենց դիմած են Արմաւիրի մարզի Արեւադաշտ գիւղի մօտակայքը գտնուող խաղողագործութեամբ զբաղող «Հայաստանի հողեր» փակ բաժնետիրական ընկերութեան 90 աշխատակից:

Անոնցմէ 20-ը, ստացած են համապատասխան բուժօգնութիւն: 30-ը տեղափոխուած են Մեծամօրի բժշկական կեդրոն:

Արմաւիրի բժշկական կեդրոն մեկնած է ՀՀ ԱԻՆ ՓԾ Մարզային փրկարարական վարչութեան գործադիր խումբը: