image
Հրատապ լուրեր:

Թրքական զօրքեր երեւցած են Հալէպի հիւսիսը. BBC Arabic

Թրքական    զօրքեր երեւցած են  Հալէպի  հիւսիսը. BBC Arabic

Հալէպի  երեք ճակատներու վրայ  ծանր մարտեր տեղի կ'ունենան: Այս մասին լուր  փոխանցող  աղբիւրներ նոյնպէս կը հաղորդեն, որ  «Ալ Նըսրա»   ճակատի  մեծաթիւ զինեալներ գործողութիւններ սկսած են Հալէպի հիւսիսային  եւ  հարաւային  շրջաններուն  մէջ: Ըստ BBC Arabic  կայանին   թրքական   բանակի զինուորներ տեսնուած են   Հալէպի հիւսիսային  հատուածներուն մէջ,  եւ անոնք   «Ալ Նըսրա»  ճակատին կողքին  կը մասնակցին  մարտերուն: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ   այդ   համատեղ զօրքերուն թիւը  կը հասնի 2000-ի  եւ անոնք նպատակ դրած են  մուտք գործել քրտական ջոկատներու տիրապետութեան տակ եղող  Շէյխ Մաքսուտ   շրջանը: Աւելի վաղ  հաղորդուած էր, որ քրտական YPK ուժեր յաջողած են մուտք գործել   Սուրիա- Թուրքիա   սահմանին  եղող  Մընժէպ աւանը, որ կը համարուի Տահէշ ահաբեկչական  խմբաւորման գլխաւոր  կեդրոնատեղի: Ռուսական  աղբիւրներ եւս խօսած են թրքական միջամտութեան մը մասին, առանց մեկնաբանելու  գետնի վրայ ընթացող զարգացումները: Ինչ կը վերաբերի  Հալէպի ներքին շրջաններուն    վրայ  կատարուած հրթիռարձակումներուն,  կը հաղորդուի, որ այսօր  Նոր Գիւղի եւ   շրջակայ   հատուածներուն  մէջ  զոհերուն թիւը հասած է 40-ի իսկ   վիրաւորներունը ՝ 120-ի:  Նախապէս «Արեւելք»,   այս մասին լուր փոխանցելով, նաեւ   յայտնած էր, որ վիրաւորներուն մէջ կան հայեր: